Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղեր. Հայաստան. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Ֆութսալի Խումբին Առաջին Մրցումը Եւ Առաջին Յաղթանակը
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն ծիրին մէջ, բազմաթիւ մարզախաղերու կողքին, սկսան նաեւ ֆութսալի մրցումները:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութսալի խումբը, որ կատարեց իր առաջին մրցումը, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը, երբ երէկ յետմիջօրէին, Տինամօ մարզադաշտին վրայ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մեծամօրի կազմը:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սեւակ Օհանեան, Սերժ Մելիքեան, Շանթ Պալեան եւ Մհեր Սիւրմենեան:
Համահայկական խաղերը այժմ կը կատարուին Երեւանի մէջ` նկատի ունենալով, որ մարզիկները Արցախէն մեկնեցան Հայաստանի մայրաքաղաք:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական