Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակուս դրական գնահատած է Սուրիոյ հիւսիսը անվտանգ գօտի ստեղծելու հարցով Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Անգարայի մէջ այս շաբաթ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք անվտանգ գօտի ստեղծելու նիւթին մէջ յառաջխաղացք արձանագրուեցաւ: Բանակցութիւնները նոր մակարդակի վրայ շարունակելու համար նպատակ ունինք ստեղծել Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա միացեալ գործողութիւններու կեդրոնը», նշած է ան:
Օրթակուս նաեւ յայտնած է, որ ամերիկեան կողմը կը պատրաստուի ամէնէն կարճ ժամանակահատուածին մէջ անհրաժեշտ քայլերուն ձեռնարկել եւ հոլովոյթի ծիրին մէջ շարունակել Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները:
Նշենք, որ Սուրիոյ հիւսիսը` Եփրատ գետի արեւելեան ափին վրայ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու մասին 2013-ին առաջին անգամ Միացեալ Նահանգներու մէջ յայտարարած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: