Ինչպէս ծանօթ է, Ապրին-Պաթրունի «ԿԱԿ» համախմբումին 22-րդ մարզական խաղերը կ՛ընթանան բաւական լաւ մթնոլորտի մը մէջ եւ անոնց կը մասնակցին շրջակայքի, ինչպէս նաեւ գիւղական այլ շրջաններու խումբեր եւ անհատներ` նկատի ունենալով, որ շարք մը մարզաձեւեր անհատական են:
Կազմակերպիչ յանձնախումբը յայտնեց, որ այսօր` շաբաթ, 10 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենան փինկ փոնկի տարիքային դասակարգերու մրցումները:
Իսկ վաղը` կիրակի, 11 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենան վազքի մրցումները, ապա` հեծելարշաւի մրցումները` հսկողութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին:
Բոլոր մրցումներուն աւարտին տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւն: