Մետվետեւ Եւ Փաշինեան Քննարկեցին Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Խորացման Հեռանկարները
Երէկ Խըրխըզիստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` իբրեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) մարմիններու նախագահող երկրի ղեկավար, կատարեց բացման խօսքը եւ յայտարարեց, որ Հայաստան յատուկ կարեւորութիւն կու տայ ընդհանուր ֆինանսական շուկայի ստեղծման:
Հայաստանի վարչապետը շեշտը դրաւ տնտեսութեան մարզին մէջ միութեան անդամ երկիրներուն միջեւ խոչընդոտներու վերացման վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկաներուն մէջ արտածումները խրախուսել:
Վարչապետ Փաշինեան ըսաւ. «Կարեւոր կը նկատենք Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու պիւտճէներուն միջեւ ներմուծման մաքսատուրքերու բաշխման վերաբերեալ վերջնական որոշման կայացումը: Արդէն երկար ժամանակ է, որ այս հարցը կը քննարկուի մեր կազմակերպութեան մէջ, եւ անհրաժեշտ է ըստ կարելւոյն արագ լուծել», նշեց ան:
Վարչապետ Փաշինեան նաեւ խօսեցաւ յուլիսի սկիզբը Սինկափուր եւ Վիեթնամ իր` իբրեւ ԵՏՄ մարմիններու նախագահող երկրի ղեկավար, տուած պաշտօնական այցելութեան մասին` դիտել տալով, որ յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է այս երկու երկիրներուն հետ կազմակերպութեան համագործակցութեան հարցերուն:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ 30 սեպտեմբերէն 1 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ պիտի կայանայ միջազգային համաժողով` «Եւրասիական մայրցամաքի տարանցիկ ներուժը» նիւթով, որուն հրաւիրուած են տարբեր երկիրներու ղեկավարներ, եւ որուն ընթացքին պիտի քննարկուին փոխադրութեան տարբեր հարցեր:
Ժողովի Արդիւնքներու Ամփոփում
Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Սարգսեան տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձան ժողովին արդիւնքներուն:
Ն. Փաշինեան ըսաւ, թէ նիստը կառուցողական եւ արդիւնաւէտ էր, անոր ընթացքին քննարկուեցան 15 հարցեր, որոնց մեծամասնութեան առնչութեամբ գոյացաւ համաձայնութիւն` հիմք նախապատրաստելով Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի յաջորդ նիստին համար: Ան յատուկ կերպով յիշեց Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ ոգելից ըմպելիներու շուկայի կարգաւորման մասին համաձայնագիրի նախագիծի համաձայնեցման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքը` յոյս յայտնելով, որ շուտով վերջնական համաձայնութիւն կը կայանայ այս գծով:
Հայաստանի վարչապետը նաեւ յատուկ կերպով խօսեցաւ այն մասին, որ քննարկուած է մինչեւ 2025 թուականը ընդհանուր ելեւմտական շուկայի ձեւաւորման աշխատանքային ծրագիր մշակելու եւ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը: «Կը կարծեմ, որ ընդհանուր ելեւմտական շուկայի ստեղծումը սկզբունքային նշանակութիւն ունի մեր համարկումի միաւորման հետագայ կատարելագործման եւ ԵՏՄ անդամ պետութիւններուն միջեւ տնտեսական կապերու խորացման համար», դիտել տուաւ ան:
Խօսքը եզրափակելով` վարչապետ Փաշինեան տեղեկացուց, որ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 25 հոկտեմբերին, Մոսկուայի մէջ, իսկ Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի յաջորդ նիստը` 1 հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ:
Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Սարգսեան անդրադարձաւ անդրազգային ընկերութիւններուն համար նոր իրաւաբանական տարածքի ձեւաւորման` նշելով, որ այս առնչութեամբ աշխատանք կը տարուի, կը սերտուին միջազգային փորձառութիւնն ու կարելիութիւնները, արտօնութիւններու շրջագիծը եւ այլն: «Նպատակը առեւտրական կապեր հաստատելու եւ ԵՏՄ անդամ բոլոր երկիրներու տարածքին մեր ընկերութիւններուն համար գործունէութիւն իրականացնելու աւելի գրաւիչ պայմաններու ստեղծումն է», ըսաւ ան:
Փաշինեան-Մետվետեւ Հանդիպում
Աշխատանքային այցելութեամբ Խըրխըզիստան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 9 օգոստոսին հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետները քննարկեցին հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերու լայն շրջանակ, անդրադարձան երկկողմանի գործակցութեան ընթացիկ օրակարգին: Անոնք յատկապէս խօսեցան առեւտրական-տնտեսական կապերու հետագայ զարգացման, ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներու բարձրացման, միացեալ նախագիծերու իրականացման ուղղութեամբ կատարուելիք աշխատանքին մասին: Նիկոլ Փաշինեան եւ Տմիթրի Մետվետեւ հաստատեցին, որ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ կ՛արձանագրուի հետեւողական աշխուժ աճ, եւ պէտք է շարունակել աշխատանքը հայ-ռուսական դաշնակցային կապերը ամրապնդելու եւ զարգացնելու ուղղութեամբ:
Ռուսիոյ վարչապետը ըսաւ, թէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ սրընթաց զարգացում կայ, իսկ ասոր փաստը տարբեր մակարդակներու վրայ բարձրաստիճան պաշտօնական հանդիպումներուն եւ կապերուն յաճախականութիւնն է` թէ՛ երկիրներու ղեկավարներու, թէ՛ միջկառավարական, եւ թէ միջխորհրդարանական ձեւաչափերով:
Նիկոլ Փաշինեան դրական նկատեց Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան ընթացքը եւ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ արձանագրուած յառաջընթացին` 2019-ի առաջին 6 ամիսներուն Հայաստան այցելած ռուս զբօսաշրջիկներուն թիւը աւելցած է 19 տոկոսով` նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին բաղդատելով: Վարչապետը նաեւ գոհունակութեամբ նշեց, որ Վերին Լարսի մէջ ծագող հարցերու լուծման գործնական մեքանիզմը արդիւնաւէտ է: Երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման առումով Հայաստանի վարչապետը կարեւոր նկատեց ԵՏՄ-ի ամբողջ ներուժի լիարժէք օգտագործումը:
Հանդիպումի ընթացքին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետները անդրադարձան կազի, հիւլէական ելեկտրակայանի, օդանաւորդութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգային այլ հարցերու: Կողմերը միտքեր փոխանակեցին նաեւ վերջին շրջանին հայաստանեան եւ ռուսական լրատուամիջոցներուն մէջ արծարծուող հարցերուն շուրջ:
Վարչապետ Փաշինեան Տեսակցեցաւ Խըրխըզիստանի Նախագահին Հետ
Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով Խըրխըզիստան գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 9 օգոստոսին հանդիպում ունեցաւ երկրի նախագահ Սորոնպա Ճէենպեքովի հետ:
Հայաստանի վարչապետը եւ Խըրխըզիստանի նախագահը քննարկեցին քաղաքական երկխօսութեան ամրապնդման, երկկողմանի առեւտրական-տնտեսական գործակցութեան խորացման, առեւտրական շրջանառութեան ծաւալի բարձրացման վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այս տարուան հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրասիական Բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին առնչուած հարցերու:
Անոնք միտքեր փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ եւս: Խըրխըզիստանի նախագահը խօսեցաւ երկրի ներքաղաքական զարգացումներուն մասին: