Հանդիսութեան մը ընթացքին, Աթլեթիքօ Պէյրութ ակումբը, ներկայութեամբ մեծաթիւ հրաւիրեալներու, պարգեւատրեց կրտսերներու ֆութպոլի իր խումբը, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ ընտրուեցաւ 2018-2019 տարեշրջանի լաւագոյն ակադեմիան:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան մարզական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին` երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Էտի Մաալուֆ, քաղաքապետներ, մարզական լրագրողներ եւ մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները:
Իր խօսքին մէջ, Աթլեթիքոյի նախագահ Ռոպեր Փաուլի շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, շնորհաւորեց ֆութպոլիստները իրենց ձեռք ձգած այս բացառիկ յաջողութեան համար:
Ան շեշտեց, որ հետեւողական եւ տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղաւ հասնիլ այս բացառիկ արդիւնքին: