Մոնրէալի մէջ (Քանատա) տեղի ունեցող թենիսի «Մասթըրզ-1000» միջազգային բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին, Ռուսիոյ թիւ 1 դասուած թենիսմեն, հայազգի Կարէն Խաչանով յաղթանակ մը արձանագրեց զուիցերիացի Սթանիսլաւ Վաւրինքայի դէմ` 6-4, 6-7 եւ 6-2 արդիւնքով:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 2 ժամ 13 վայրկեան:
Քառորդ աւարտականի իր տոմսը ապահովելու համար Խաչանով պէտք է շրջանցէ նաեւ աշխարհի 21-րդ դասուած քանատացի Ֆելիքս Օժէ Ալասիմի արգելքն ալ: