Եթէ Իրանի առաջնորդները ցանկութիւն ունին բանակցութիւններ վարելու Միացեալ Նահանգներուն հետ, ապա երկրի նախագահ Տանըլտ Թրամփը եւս կ՛ակնկալէ անոնցմէ հեռախօսազանգ ստանալ, յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մորկան Օրթակուս:
«Մեր պահանջը Ալի Խամենէիէն եւ Հասան Ռուհանիէն այն է, որ անոնք մանրակրկիտ ձեւով վերլուծեն, թէ ինչպէ՛ս կ՛ահաբեկեն շրջանը, եւ մտածեն, թէ ինչպէ՛ս վերջ կու տան այդ բոլորին: Եթէ անոնք ցանկութիւն ունին խօսելու այն մասին, թէ ինչպէ՛ս բնական երկիր պիտի ըլլան, թէ ինչպէ՛ս պիտի վերականգնեն խաղաղութիւնը, եւ ինչպէ՛ս չէզոքացնեն պատժամիջոցները, ապա գիտեն, թէ որո՛ւ պէտք է հեռաձայնեն: Ատիկա նախագահ Թրամփն է, ան կը սպասէ անոնց հեռախօսազանգին», ըսած է ան: