Երէկ, Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն ծիրին մէջ, սկսան տարբեր տեսակի մարզաձեւեր:
Տղոց հեծելարշաւի մրցումին, Ստեփանակերտէն Տիգրանակերտ եւ հակառակ ուղղութեամբ, հեծելանւորդները կտրեցին 60 քմ երկարութիւն: Հեծելարշաւի մրցումները պիտի շարունակուին նաեւ այսօր` Արցախի մէջ:
Սկսան նաեւ ճատրակի մրցումները, որոնց կը մասնակցին 160 խաղացողներ` Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն: Անոնք սակայն պիտի շարունակուին եւ պիտի աւարտին Երեւանի մէջ:
Ինչ կը վերաբերի բազկամարտի մրցումներուն, որոնց կը մասնակցին 85 մարզիկներ, անոնք կ՛աւարտին այսօր:
Նշենք, որ երէկ սկսան նաեւ վոլիպոլի եւ ֆութպոլի մրցումները: