«Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 8 օգոստոսին, Հայաստանի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը հիւրընկալէ Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ին մաս կազմող Վուլվզը:
Մրցումը այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ հայկական կազմին համար` նկատի ունենալով մրցակից կազմին ունեցած փորձառութիւնը` միջազգային մրցաշարքերուն գծով:
Հայկական կազմը երէկ ռուս գլխաւոր մարզիչ Ալեքսանտր Թարխանովի գլխաւորութեամբ կատարեց իր վերջին փորձերը: