Պրազիլի դաշնակցային գերագոյն դատարանը մերժեց Թուրքիոյ արտայանձնել Անգարայի կողմէ իբրեւ ահաբեկիչ ամբաստանուող թուրք քաղաքացի մը, որովհետեւ երաշխաւորուած չէ, թէ Թուրքիոյ մէջ արդար դատավարութեան պիտի արժանանայ:
Դատարանին միաձայնութեամբ տուած որոշումին հիմամբ թուրք գործարար Ալի Սուպհին կրնայ մնալ Պրազիլի մէջ, ուր բնակութիւն հաստատած է 12 տարիէ ի վեր:
Ան Թուրքիոյ ու Պրազիլի քաղաքացի է եւ կալանաւորուած էր ապրիլին, ապա ազատ արձակուած մայիսին` սպասելով դատարանի վճիռին:
Թրքական իշխանութիւնները զինք կ՛ամբաստանեն իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի «ահաբեկչական կազմակերպութեան» անդամակցութեան յանցանքով: Անոր փաստաբանը կը յայտնէ, որ թուրք գործարարը թրքական իշխանութիւններուն թիրախը դարձած է, որովհետեւ Կիւլենի շարժումին առնչակից «Ասիա» դրամատան մէջ գումարներ պահ դրած է: