Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայիլ Քաց յայտարարեց, թէ Թել Աւիւ կը մասնակցի Արաբական ծոցին մէջ նաւարկումի պաշտպանութեան ամերիկեան դաշինքին:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Քաց Քնեսեթի մէջ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի ժողովի ընթացքին յայտնեց, որ այդ դաշինքին մասնակցութիւնը համահունչ է Թել Աւիւի ու Ծոցի երկիրներու յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ կ՛առնչուի Իրանը զսպելու Իսրայէլի շահին:
Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը առաջին անգամ ըլլալով յայտնեց, թէ Իսրայէլ անվտանգութեան եւ տեղեկահաւաքի ոլորտին մէջ կը համարկուի ամերիկեան ծրագիրին, որ կոչ կ՛ուղղէ Ծոցի ջուրերուն մէջ նաւարկումի անվտանգութիւնը ապահովելու:
Մինչ այդ, զինուորական վերլուծաբան մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» կայքին յայտնեց, որ Ծոցին մէջ անվտանգութեան դաշինքին իսրայէլեան մասնակցութեան նպատակը Պապ Մանտեպ նեղուցին մէջ նաւարկումի անվտանգութեան ապահովումն է, ներառեալ նեղուցին մէջ հրթիռներով զինուած իսրայէլեան մարտանաւերու տեղակայումը: