ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ Նեպիլ Քարամի դէմ դատական հարց յարուցեց` նկատի ունենալով, որ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութեան մասին իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ան մեծ թիւով երեսփոխաններու հասցէին վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ ունեցաւ:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի մշակոյթի նոր նշանակուած խորհրդական Ապպաս Խամայարը: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ, եղաւ առիթ մը քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամիլ Ժապաք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Աքքարի եւ Հիւսիսային Լիբանանի հիւանդանոցներէն պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան քննարկեց այդ հիւանդանոցներուն կարիքները: Ժապաք յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի հիւանդանոցներուն կատարելիք 2018-ի իր նիւթական հատուցումները արդէն իսկ աւարտած է:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ կոչ ուղղեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլին կասեցնելու մաքսատան կողմէ ճարտարարուեստի սեփականատէրերուն ներածած նիւթերուն վրայ պարտադրուած երեք առ հարիւրի տուրքը: Ան նշեց, որ այդ տուրքը Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզին մահացու հարուած է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ կարծէք կառավարութիւնը կը ջանայ քանդել երկրին մնացեալ արդիւնաբերական մարզերը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութեան կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի ընդգծեց յառաջիկայ տարիներուն համար տնտեսական ծրագիր մը մշակելու կարեւորութիւնը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կեղծ յարձակումներ կատարեց Նապաթիէի, Պընթ Ժպէյլի եւ Մերժահիունի վերեւ` հասնելով մինչեւ Սուր:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի դատական իշխանութիւններու աշխատանքին հսկող եւ անոնց վրայ ճնշում բանեցնող «հոգատար» նախարար է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ մօտիկ ապագային ի յայտ պիտի գայ նախաձեռնութիւն մը` լուծելու համար Քապըր Շմունի միջադէպը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է զիջին, այլապէս` Լիբանան ենթակայ պիտի դառնայ միջազգային հոգատարութեան:
«ԱՈՒՏԷ» դրամատան յատուկ ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, որ լիբանանեան տնտեսութեան արձանագրելիք զարգացումին առումով դրական նախանշաններ գոյութիւն ունին:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր հաստատեց, որ լիբանանեան մամուլն ու լրատուամիջոցները Պաալպեքի մէջ ապահովական որեւէ միջադէպի վերաբերող լուրի մը ներկայացման ընթացքին կ՛որդեգրեն այնպիսի ոճ ու բառամթերք, որոնք ընթերցողը ահ ու սարսափի կը մատնեն: Ան նշեց, որ Պաալպեքի տնտեսական կացութիւնը բարելաւումի ընթացքին մէջ է` աւելցնելով, որ փառատօները եւս յաջողութիւն արձանագրած են:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի հաշտութիւնը կրնայ առիթ ստեղծել, որ անոնց դիմաց Հարեթ Հրէյքի դռները բացուին: