Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնած շրջանի բարեզարդման եւ մաքրութեան արշաւի շարունակման ծիրին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 7 օգոստոս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հաւաք մը տեղի ունեցաւ քաղաքապետարանի ժողովրդային շէնքերու «Սերոբ Աղբիւր» ակումբին մէջ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան պատուիրակութեան եւ նշեալ շէնքերու բնակիչներուն միջեւ:
Հաւաքին բացումը կատարեց Մարալ Մխսեան, որ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին անունով ողջունելէ ետք ներկաները պարզեց հաւաքին նպատակը: Ան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը 1960-ական թուականներուն կառուցել տուած է ժողովրդային շէնքերը, ուր կան զանազան հարցեր, ինչպէս օրինակ` կարգ մը յարկաբաժիններ տակաւին քաղաքապետութեան անունով են ու չեն արձանագրուած անոնց իսկական սեփականատէրերուն անունով: «Այս հարցերու լուսաբանման համար այսօր մեզի հետ են Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, քաղաքապետարանի երկրաչափ Յակոբ Սիմոնեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ու Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Լուի Նատեր», ըսաւ Մխսեան եւ խօսքը փոխանցեց երկրաչափ Յակոբ Սիմոնեանին:
Քաղաքապետարանի երկրաչափը պատմական յետադարձ ակնարկով հակիրճ կերպով նշեց Պուրճ Համուտի մէջ քաղաքապետարանի շէնքերու կառուցման սկզբնական քայլերը` 1955-ին Հայր Պօղոս Արիսի օրերէն սկսեալ: Սիմոնեան պարզեց ցարդ կառուցուած քաղաքապետարանի շէնքերու իրավիճակը` նշելով անոնց տոմարային պաշտօնական թուանշանները, ապա թուեց տակաւին առկախ մնացած կարգ մը մտահոգութիւններ, ինչպէս` նշեալ շէնքերու կարգ մը յարկաբաժիններու առուծախի թէ արձանագրութեան գծով թերի քայլեր, կարգ մը յարկաբաժիններու խանութներու վերածումը, կարգ մը յարկաբաժիններու իրար միացումն ու կամրջումը, առանց քաղաքապետարանի հաւանութեան կարգ մը յարկաբաժիններու առուծախի համաձայնագիրներու հարցեր եւ այլն:
«Բոլոր այս դժուարութիւններն ու հարցերը լուծելու համար, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կազմեց յատուկ աշխատանքային խմբակ, որ պիտի հետապնդէ իւրաքանչիւր թղթածրար եւ դիմէ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն, որպէսզի դիւրացնէ իրաւատէրերու յարկաբաժիններուն վերջնական արձանագրութիւնը եւ կալուածագրերու պատրաստութիւնը», ընդգծեց երկրաչափ Յակոբ Սիմոնեան: Ան այս առիթով յիշեցուց, թէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը յարկաբաժիններու դռներուն վրայ փակցուցած է քաղաքապետարանի կալուածներու պաշտօնական նոր թիւերը, որոնց հիման վրայ բնակիչները կրնան հետապնդել իրենց կալուածներուն վերաբերող պաշտօնական թուղթերը:
Ապա խօսք առաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ թուեց քաղաքապետարանի յարկաբաժիններու արձանագրութեան թէ կառուցումի ապօրինի քայլերու առնչուող հարցերը եւ կոչ ուղղեց դիմելու քաղաքապետարան, որուն անձնակազմը տրամադիր է բոլոր միջոցներով լուծելու առկախ հարցերը: Հին ու նոր տոմարային թուանշաններու միջեւ հաւանական շփոթներէ խուսափելու համար, քաղաքապետ Պօղոսեան ներկաներուն թելադրեց իրենց բացակայ դրացիներուն եւ հարազատներուն փոխանցել այս տեղեկութիւնները եւ անյապաղ դիմել քաղաքապետարան` վերահաստատելու համար իրենց կալուածային սեփականութեան իրաւունքը: «Մենք պարտաւոր ենք հայորդիներուն օգտակար ըլլալ, վերջապէս ասիկա ձեր (նախորդ) հարազատներուն քրտինքն է», ընդգծեց քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան: Ան նաեւ թելադրեց նշեալ շէնքերու թէ յարկաբաժիններու անվտանգութեան սպառնացող հաւանական որեւէ երեւոյթի պարագային (շէնքերու յատակը ջուրերու կուտակում…) անյապաղ տեղեակ պահել քաղաքապետարանը:
Այս առիթով քաղաքապետ Պօղոսեան յիշեցուց, թէ այս շէնքերը հին կառոյցներ են եւ եթէ լուրջ հոգատարութիւն չցուցաբերուի` անոնք կրնան լուրջ վտանգի ենթարկուիլ: Ան հաստատեց, որ բոլոր շէնքերը վերատեսութեան պիտի ենթարկուին, եւ քաղաքապետարանի ճարտարագէտներ պիտի շրջին եւ ստուգեն տանիքներու անվտանգութիւնը եւ ինչ որ անհրաժեշտ է` պիտի կատարեն: Պօղոսեան աւելցուց, որ արդէն աւելի քան 17 տարիներէ ի վեր շէնքերը ներկուած չեն, հետեւաբար պէտք է զանոնք ներկել, ճեղքուած պատերու թէ սիւներու նորոգութենէն ետք, այս գծով առաջարկելով նախատեսուող ծախսերուն համար բնակիչներու նիւթական համեստ մասնակցութիւնը:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետը նաեւ յիշեցուց աղբերու հաւաքման ժամերու յարգումը, ինչպէս նաեւ տանիքներէն առտնին անգործածելի սարքերու եւ այլ կազմածներու մաքրութիւնը: «Այս թաղերը հայկական են, եւ պէտք է մաքուր պահենք զանոնք», շեշտեց քաղաքապետ Պօղոսեան աւետելով, որ մինչեւ երկու տարի ամբողջ Պուրճ Համուտը պիտի բարեզարդուի եւ եզակիօրէն գեղեցիկ ու գեղատեսիլ պիտի դառնայ:
Ապա քաղաքապետ Պօղոսեան լսեց ներկաներու արծարծած մտահոգութիւններն ու հարցերը եւ տուաւ անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ` թելադրելով նաեւ դիմել քաղաքապետարան առկախ որեւէ հարցի գծով: Ներկաներու հարցումներուն պատասխանելով քաղաքապետը վերյիշեցուց, թէ իւրաքանչիւր շէնք պէտք է ունենայ իր յանձնախումբը, որ պիտի զբաղի շէնքին մէջ ծագող հարցերու լուծմամբ: Ան նաեւ վերահաստատեց, որ շէնքերուն տանիքները բոլոր բնակիչներուն եւ ոչ միայն վերջին յարկի բնակիչին կը պատկանին: