Արտասահմանեան Հոգեր
Նոր Կացութիւն` Նոր Պահանջ
Դժուար են արտասահմանեան կեանքի պայմանները:
Հայութեան կղզեակներ, ցրուած` հոս ու հոն, փոթորկոտ աշխարհի երեսին, ենթակայ` շղթայազերծ զանազան հոսանքներու, որոնք օրէ օր քիչ մը աւելի կը մաշեցնեն ու կ՛այլափոխեն մեր ազգային դիմագիծն ու նկարագիրը:
Տեւապէս մեր միտքերուն մէջ է օրինակը այն շէն գաղութներուն, որոնք, հեռու հայրենիքէն, անհետ կորսուեցան:
Ամէն տեղ կը հանդիպինք հայերու, որոնք անզգալաբար, եւ երբեմն` հակառակ իրենց կամքին, պայմաններու բերումով, կը հեռանան, կ՛անջատուին մեր ժողովուրդէն` իրենց հետ հեռացնելով ընտանեկան պարագաները:
Գաղութային մեր կեանքը յիսուն տարուան անցեալ ունի: Մեր խօսքը նոր գաղութներու մասին է, որոնք կազմուեցան ապրիլեան Եղեռնէն ետք, ապրիլեան Եղեռնին պատճառով:
Այսօր կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ մեր գաղութային դիմագիծը փոփոխութեան կ՛ենթարկուի: Արտասահմանի հայութեան մեծագոյն տոկոսը այժմ կը բաղկանայ արտասահման ծնած հայերէ:
Երկրէն եկած հայերու թիւը հետզհետէ կը նուազի ու մէկ երկու տասնեակ տարի ետք, այլեւս պիտի չհանդիպինք հայրենի հողէն արմատախիլ եղած, ցեղին տառապանքը իրենց աչքերուն մէջ պտտցնող ծերունիներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մէյ մէկ յուշարձան է, վկայութիւն է, պատմութիւն է, կապ է մեր նորագոյն անցեալի տխուր եւ ուրախ օրերուն հետ: Անոնք վերջապէս պիտի գտնեն իրենց վերջնական հանգիստը: Ու անոնց մեկնումով պիտի պակսի հայոց լեռներէն ու դաշտերէն, ամայացած գիւղերէն ու քաղաքներէն եկող ջերմ, հարազատ շունչը:
Կարճ ժամանակ ետք շատ հաւանաբար արտասահման ծնած հայ երիտասարդը չգիտնայ, թէ ուրկէ՛ գաղթած էին իր ծնողները, Կիլիկիայէ՞ն, թէ՞ Սեբաստիայէն, Սասունէ՞ն, թէ՞ Վանէն, Տիգրանակերտէ՞ն, թէ՞ Կարինէն: Որովհետեւ տան մէջ ա՛լ պիտի չգտնուի մէկը, որ ամէն առիթով պատմէր յուշ մը, ըսէ՛ր.
– Է՜, մեր քաղաքը այսպէս կ՛ընէինք:
Հայրենի երկինքի տակ ծնած ու հայրենի հողին կարօտը իրենց սրտերուն մեկնող հայերը մեծ գործ կատարեցին:
Նախ եւ առաջ վերապրեցան:
Ու դիւրին չէր վերապրիլ այդ անհաւատալի ջարդերէն: Եւ հա՛յ վերապրիլ:
Ոչինչէն ստեղծեցին այս շէն գաղութները:
Նոր կեանք նոր պայմաններու մէջ, նոր միջավայրի մէջ: Առանց արտաքին օժանդակութեան, առանց պետական նպաստի:
Բարձրացուցին եկեղեցիներ, բացին դպրոցներ, հրատարակեցին թերթեր, գիրք, օգնեցին իրարու, բոլորուեցան մշակոյթի, արուեստի, մարզական ակումբներու շուրջ:
Գաղթական եկան, բայց շուտով տուն-տեղ եղան: Իրենց աշխատունակ նկարագրով փարատեցին ամէն վերապահութիւն, որ առհասարակ կը գոյանայ ամէն նորեկի, ամէն անծանօթի շուրջ: Ընդհակառա՛կն, շահեցան հիւրընկալ տեղացիներուն վստահութիւնը ու դարձան երկրին փնտռուած տարրերէն եւ տնտեսական կեանքի գործօն ազդակներէն մէկը:
Արտասուքը ժամանակ չունեցաւ չորնալու իրենց աչքերուն մէջ: Տառապանքի արցունքները վերածուեցան ուրախութեան արցունքներու, երբ սկսաւ ծաղկիլ իրենց շուրջը: Խճողուեցան թիթեղաշէն, վրանաշէն վարժարանները, որոնք փոխարինուեցան արդիական շէնքերով: Կազմակերպուեցաւ ազգային կեանքը, իր հաստատութիւններով, իր ժողովներով եւ մարմիններով: Նորաստեղծ հարիւրաւոր միութիւններ ընդհանուր կենսունակութիւն, խանդավառութիւն ստեղծեցին ամէն կողմ: Հայ անուններ սկսան փայլիլ միջազգային արժէքներու կողքին, արուեստի, գիտութեան, մարզական եւ այլ մարզերէ ներս:
Ինքնաբերաբար տեղի չունեցան այս բոլորը:
Անոնց մղիչ ուժը, զսպանակը հանդիսացան կուսակցութիւնները:
Մեր գաղութները շատ բան կը պարտին կուսակցական այն գործիչներուն, որոնք հայրենիքի մէջ ինքնապաշտպանութիւն, յեղափոխութիւն կազմակերպելէ, թշնամիի դէմ կռուելէ, անկախութիւն եւ պետականութիւն ստեղծելէ ետք, պարտադրաբար անցան արտասահման ու իրենց թանկագին մասնակցութիւնը բերին գաղութներու հիմնադրութեան եւ կազմակերպչական գործին:
Հոս միջանկեալ ըսենք, որ արդար չեն անոնք, որոնք կ՛ուզեն ստորագնահատել կուսակցութիւններու դերը արտասահմանեան կեանքին մէջ: Տարբեր նպատակ կը հետապնդեն անոնք, որոնք կուսակցական երբեմն սին վէճերը պատրուակ բռնելով` անօգուտ եւ վնասակար կը գտնեն կուսակցութիւններու գոյութիւնը:
Իրենց կուսակցութենէն այս կամ այն պատճառով այժմ դուրս գտնուող կուսակցականներ են անոնք, որոնք կ՛ուզեն արդարացնել իրենց հեռանալու կամ հեռացուելու պարագան: Կամ անհատներ են, որոնք իրենց եսը չեն կրնար կուսակցական կարգի ենթարկել: Կամ մանաւանդ որոշ մտածողութեան տէր մարդիկ են, որոնք կը հետապնդեն նաեւ արտասահմանի հայութեան ապաքաղաքականացումը` կուսակցութիւններու վերացումով:
Գաղութի մը համար անհրաժեշտ է պահել հաւասարակշռուած դիմագիծ` ազգային եւ տեղական զոյգ երեսներով:
Չկորսնցնել ազգայինը եւ ամբողջովին չլուծուիլ շրջապատող ծովուն մէջ: Չայլասերի՛լ:
Ո՛չ ալ ապրիլ բոլորովին անջատուած, կղզիացած, անհաղորդ` նոյն այդ շրջապատին:
Նորակազմ գաղութները, սկզբնական շրջանին աւելի հայկական դրոշմ կը կրէին: Բնական էր պարզուած երեւոյթը, քանի տակաւին գաղթական հայերը` անծանօթ երկրի լեզուին, բարքերուն, սովորութիւններուն` հեռու կը մնային անոր քաղաքական ու ընկերային կեանքէն: Գաղութներու հիմնադիրները, որոնք չկրցան պէտք եղած չափով շաղուիլ նոր միջավայրին հետ, ձեւով մը ազգային նկարագրի պահպանման ազդակներ հանդիսացան:
Հիմա, արտասահմանը կը մնայ արտասահմանի ծնունդներուն: Անոնք աւելի՛ կը կրեն իրենց շրջապատին ազդեցութիւնը, խառնուած են տեղական կեանքին, լրիւ քաղաքացիներ են, կը կատարեն իրենց պարտականութիւնները, կը վայելեն տեղացիի համահաւասար իրաւունքներ: Սակայն մտահոգիչ կերպով կը դրուի անոնց ապագայի հարցը: Արդեօ՞ք պիտի կրնան գտնել ու պահել անհրաժեշտ հաւասարակշռութիւնը, թէ՞ մէկ չափազանցութենէն պիտի անցնին միւսին. պիտի շրջուի կացութիւնը ու տարիներու ընթացքին, իրերայաջորդ սերունդներու հետ պիտի տժգունի ազգային դիմագիծը. երիտասարդներ` աւելի հեշտ ու հաճելի կեանք մը որոնելու իրենց ճիգին մէջ, պիտի չհետաքրքրուին իրենց ազգով, պիտի հեռանան իրենց ժողովուրդէն, հանրային գործերու համար անձնազոհութիւն յանձն պիտի չառնեն:
Այս փափուկ կացութեան մէջ կատարելիք որոշ դեր ունի փոխանցման սերունդը: Այն, որ ծնաւ արտասահմանի մէջ, բայց հասակ նետեց մեկնողներու անմիջական շունչին տակ:
Լաւածանօթ տեղական պայմաններուն, դիւրահաղորդ` կեանքի նորութիւններուն, բարեշրջումներուն, արդի պահանջներուն, միեւնոյն ատեն աւելի մօտէն ականջալուր ազգային ցաւերուն եւ մտահոգութիւններուն, այս սերունդին ներկայացուցիչները, որոնք կը գրաւեն մեկնողներուն տեղը, պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ունին դաստիարակելու նորերը:
Մէկ կողմէն պատրաստել երիտասարդներ, որոնք ըլլան ո՛չ միայն լաւ եւ պարտաճանաչ քաղաքացիներ, այլեւ` լաւ եւ պարտաճանաչ հայեր: Հայութիւնը ապրող, ժողովուրդին համար զոհուող հայեր:
Միւս կողմէ` պէտք է ներմուծել ժամանակի ոգին մեր հաստատութիւններէն ներս: Այս հաստատութիւնները յառաջ եկան անմիջական պահանջներու հարկադրանքին տակ, երբեմն` թերի կերպով, որովհետեւ պատրաստ չգտնուեցան անհրաժեշտ ուժեր` աւելի լաւ հիմերու վրայ դնելու համար զանոնք: Ու շարունակուեցան այսպէս, շատ քիչ բարեփոխութիւններով:
Ժամանակ է այլեւս, որ մինչեւ հիմա կիրարկուած փորձառական դրութիւնը փոխարինուի գիտական, թեքնիք մեթոտներով, որոնք տուած են իրենց արդիւնքը: Այս միջոցները կիրարկելու հնարաւորութիւնները եւ անհրաժեշտ ուժերը չեն պակսիր: Այս ձեւով մեր հաստատութիւնները ոչ միայն աւելի արդիւնաւէտ կը դառնան, այլեւ, մանաւանդ, հրապուրիչ` երիտասարդ համալսարանաւարտներուն:
Քանի մը տասնեակ տարիներէ ի վեր, ամէն կրթական տարեշրջանի աւարտին, կ՛ուրախանանք, երբ պատկառելի թիւ մը հայ երիտասարդներու կը ստանայ բարձրագոյն, համալսարանական վկայական: Այս տղաքն ու աղջիկները ի՞նչ տոկոսով կը մնան իրենց ժողովուրդին ծոցին մէջ ու իրենց ուսումը ի սպաս կը դնեն անոր:
Բայց եւ այնպէս, պէտք է միշտ նկատի ունենալ, որ հայապահպանումը ինքնին նպատակ չէ արտասահմանի հայութեան համար:
Ա՛յլ է եւ մէ՛կ է հայրենիքի թէ արտասահմանի նպատակն ու կոչումը. Հայ դատին հետապնդումը:
Այս ուղղութեամբ մանաւանդ մեծ բան կ՛ակնկալուի արտասահմանի զանազան գաղութներու երիտասարդներէն, որոնք կրնան օգտագործել իրենց լայն ծանօթութիւնները եւ սերտ յարաբերութիւնները:
ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ