Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայիլ Քաց նշեց, որ վերջին ամիսներուն այցելած է Ապու Տապի եւ մասնակցած ՄԱԿ-ի խորհրդաժողովի մը, եւ այդ այցելութիւնը կատարելուն նպատակը եղած է Արաբական ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու մակարդակը բարձրացնելը եւ յարաբերութիւններու բացայայտ բնականոնացում իրականացնելը:
Ան աւելցուց, որ կը ձգտի Արաբական ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու բացայայտ բնականոնացում կատարել, որ կը ներառէ համաձայնագիրներու բացայայտ կնքում` նշելով, որ Արաբական ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները զարգացում արձանագրած են:
Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ հանդիպում ունեցած է բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը հետ եւ անոր հետ գոյացուցած լուրջ փոխհասկացողութիւններ, ինչպէս նաեւ քննարկած երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման հարցը:
Ան քննարկած է նաեւ Արաբական ծոցէն Հայֆայի նաւահանգիստ երկարող նոր երկաթուղիի կառուցման գաղափարը` ապրանքները Եւրոպայէն ցամաքի ճամբով Ծոցի երկիրներ փոխադրելու համար:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ յարաբերութիւններու բնականոնացման իր ձգտումը կը վայելէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի բացարձակ զօրակցութիւնը: «Իսրայէլի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ տագնապ գոյութիւն չունի, եւ անոնց հետ սահման չունինք: Միայն պաղեստինեան հարցը գոյութիւն ունի», ըսաւ Քաց: