Պաքու Կը Դատապարտէ Փաշինեանի Արցախ Այցելութիւնը
Պաքու խստօրէն քննադատած է Համահայկական խաղերուն բացումը կատարելու համար Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Արցախ կատարած այցելութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը:
Միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծութեան կեդրոնի վարչութեան նախագահ Ֆարիտ Շաֆիեւ այս գծով յայտնած է, թէ տեղի ունեցածը «շարունակուող բռնարարքները օրինականացնելու հերթական ցուցադրական քայլն է»:
Ան ցաւ յայտնեց, որ ո՛չ Հայաստանի նախկին, ո՛չ ալ այժմու ղեկավարութիւնը տագնապէն դուրս գալու իրական ելք գտնելու մասին բաւարար ջանք թափած են: