Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, անդրադառնալով յուլիս ամսուան ընթացքին արձանագրուած 7,6 առ հարիւրի համեմատութեամբ (բաղդատած յուլիս 2018-ի) զբօսաշրջիկներու աճին, շեշտեց, որ այդ աճը կրնար աւելի բարձր ըլլալ, եթէ անցեալ ամսուան ընթացքին ապահովական եւ քաղաքական խոչընդոտներ չարձանագրուէին:
«Սակայն հակառակ ապահովական եւ քաղաքական խոչընդոտներուն` Լիբանանի մէջ զբօսաշրջիկներուն թիւը եւ պանդոկներու զբաղուածութիւնը աճ կ՛արձանագրեն` բաղդատած նախորդ եօթը տարիներուն», ըսաւ ան:
Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ իրենց յոյսը դրած են օգոստոս ամսուան վրայ` այդ աճը շարունակելու իմաստով, եւ յատկապէս նկատի ունենալով Ատհայի ու Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօները: Անդրադառնալով պանդոկներու զբաղուածութեան համեմատութեան` ան նշեց, որ յուլիս ամսուան ընթացքին Պէյրութի պանդոկներուն զբաղուածութիւնը 70-80 առ հարիւր եղած է, իսկ Պէյրութէն դուրս` 45-50 առ հարիւր:
Ան նշեց, որ 2019-ի առաջին եօթը ամիսներուն ընթացքին արձանագրուած է 8 առ հարիւրի աճ մը` բաղդատած անցեալ տարուան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անցեալ տարուան հետ բաղդատելով այս տարի 90 հազար յաւելեալ զբօսաշրջիկ այցելած է Լիբանան:
Ա. Կիտանեան նշեց, որ Լիբանան այցելող սէուտցիներու թիւին համեմատութիւնը 86,70 առ հարիւրով բարձրացած է, քուէյթցիներունը` 41,06 առ հարիւրով, քաթարցիներունը` 90,86 առ հարիւրով, եգիպտացիներունը` 19,32 առ հարիւրով, ֆրանսացիներունը` 6,23 առ հաիւրով, գերմանացիներունը` 8,38 առ հարիւրով, անգլիացիներունը` 7,5 առ հարիւրով, հոլանտացիներունը` 50,88 առ հարիւրով, շուէտացիներունը` 11 առ հարիւրով, իտալացիներունը` 10 առ հարիւրով, սպանացիներունը` 19,15 առ հարիւրով, պրազիլցիներունը` 14, 16 առ հարիւրով, մեքսիքացիներունը` 51,83 առ հարիւրով, ամերիկացիներունը` 7,54 առ հարիւրով, իսկ քանատացիներունը` 4,86 առ հարիւրով:
Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ 2019-ի առաջին եօթը ամիսներուն ընթացքին Լիբանան այցելած է 1,206,139 զբօսաշրջիկ, մինչդեռ անցեալ տարի անոնց թիւը հասած է 1,115,866-ի:
Նշենք, որ թուային այս պատկերները չեն ներառեր լիբանանցի, սուրիացի եւ պաղեստինցի քաղաքացիները: