Երեքշաբթի, 6 օգոստոս 2019-ին, վեհափառ հայրապետը ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազենը: Դեսպանը վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահեց Վատիկանի եւ Լիբանանի յարաբերութեան առնչուած կարգ մը ծրագիրներու ու նոր զարգացումներու մասին:
Յայտնենք, որ դոկտ. Ֆարիտ Խազեն Լիբանանի խորհրդարանին մէջ եղած է երեսփոխան, ինչպէս նաեւ քաղաքական գիտութեանց դասախօս` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ: