Լուսնէջքէն Ետք
Մարդկութիւնը Նոյնն Է
Լուսնէջքի ստեղծած առաջին մեծ խանդավառութենէն ետք զգացումի փոթորիկները սկսած են տակաւ հանդարտիլ: Մեր երկրագունդի կեանքին հետ կապ ունեցող ընթացիկ մտահոգութիւններ խորհրդածութեան նիւթ կը դառնան կրկին: Լուսնի գրաւման մեծ խնդիրը լուծուեցաւ մարդկային մտքի եւ քաջութեան յաղթանակով, սակայն այս աշխարհի զանազան հողամասերուն վրայ հազարումէկ ծանր խնդիրներ կան, որոնք ոչ միայն չեն լուծուիր, այլ օրէ օր կը բարդանան եւ արիւնոտ հանգոյցներու կը վերածուին:
Քաղաքական տագնապներ, պատերազմի բռնկած օճախներ, սովահար բազմութիւններ, ոճրածին ծրագիրներ, ընչաքաղց ախորժակներ, քէն եւ ատելութիւն: Այս բոլորը կան ու կը շարունակուին նախկին ձեւով, նախկին զօրութեամբ, հակառակ միջոցին մէջ իրագործուած աննախընթաց խոյանքին:
Աստղերու փոշիով եւ լոյսով թաթաւուն թեւաւոր մարդը կեցած է դարձեալ աշխարհի կոտրած տաշտին առջեւ եւ ստիպուած է հոն լուալու կեանքի աղտոտ լաթերը:
Եւ ահա իրաւացիօրէն շրթունքներու վրայ կը բարձրանայ անխուսափելի հարցումը. ի՞նչ շահեցաւ մարդկութիւնը: Բան մը փոխուեցա՞ւ հոգիներու մէջ: Քայլ մը առաջ գացի՞նք ազնուութեան եւ սիրոյ ճամբուն վրայ: Մեզ տանջող եւ մեզ բզկտող ներքին ցաւերը դարման գտա՞ն նուազագոյն չափով: Ո՛չ, կը պատասխանեն այս մտահոգութիւնը ապրող բոլոր բարոյագէտներն ու իմաստասէրները: Արդարեւ, իմաստասէր ըլլալու պէտք չկայ` հաստատելու համար, թէ մարդկութիւնը նոյնն է ըստ էութեան: Արդարութիւնը խաչուած կը մնայ բիրտ ուժի խաչին վրայ: Ազգերու եղբայրութեան գաղափարը խրտուիլակի վերածուած է` պետութիւնները իրարմէ բաժնող սահմանագլուխներու երկայնքին: Եսապաշտութիւնը առանձին կը թագաւորէ:
Մե՜ղք աստղանաւորդներու սլացքին…
Ով որ լուսնէջքի մեծ դէպքին կը մօտենայ բարոյական ակնկալութիւններով, յուսախաբ է եւ յոռետես: Կարծիքները կրնանք ամփոփուած տեսնել ամերիկացի Ճէյմս Սթիւարտի հետեւեալ յայտարարութեան մէջ.
«Լուսնի նուաճումով մարդս իր էութեամբ կը մնայ նոյնը` իր մեծութիւններով եւ պզտիկութիւններով: Լուսնի գրաւումը սկիզբ չի դներ նոր մարդկութեան մը, ինչպէս որ չդրաւ Ամերիկայի գիւտը` Քրիստափոր Քոլոմպոսի կողմէ»:
Այս ընթացքով, վախ կայ, որ վաղը Հրատ եւ Արուսեակ ալ հասնինք, սակայն հոս` աշխարհիս երեսին, ովկիանոսներու ջուրերը մարդկային արիւնով ներկուած մնան: Եղբայրասպան ձեռքերու կողմէ թափուած արիւնով, որ ամօթ ու նախատինք ըլլալէ չի դադրիր տիեզերքը նուաճող մարդոց դափնեկիր ճակատներուն համար:
Լուսնին գրաւումը գիտութեան յաղթանակն է եւ ոչ թէ` բարոյականին: Յառաջդիմութիւնը նիւթին ու թեքնիքին վրայ է եւ ոչ թէ` հոգիին:
Մարդը բաղդատող այս երկու արժէքները որքա՜ն հեռու են իրարմէ:
Քրիստոսի սիրոյ պատգամը շա՜տ աւելի հեռու է մեզմէ, քան` մոլորակներն ու աստղերը: Կեանքի իրականութիւնը եկաւ փաստելու, թէ աւելի դժուար է «անձիդ պէս սիրել ընկերը», քան թէ` ոտք դնել լուսին:
Լա՛ւ, սակայն ո՞ւր կը դիմենք այս ընթացքով: Նիւթին ու հոգիին միջեւ բացուող խրամատը եթէ շարունակէ մեծնալ ահաւոր այս համեմատութիւններով, ի՞նչ պիտի ըլլայ մարդկութեան ճակատագիրը: Արդեօք չե՞նք նմանիր այն ճամբորդներուն, որոնք արգելակները փրթած մեքենայի մը մէջ խելացնոր արագութեամբ կը սուրան դէպի անորոշ գալիքը:
Վերջ ի վերջոյ բոլոր յառաջդիմութիւնները պէտք է ծառայեն դժբախտ մարդկութեան ցաւերուն դարման հասցնելու: Կրնայ ըլլալ, որ յոռետեսներու մռայլ մտածումները չափազանցուած են եւ մեր աշխարհի լոյսը պիտի ծագի աստղերէն: Արեգակը իր շռայլ ճառագայթներով եւ վեհափառ շքեղութեամբ չկրցաւ մեր հոգիներուն խաւարը փարատել: Մտածողներ կան, թէ աստղերը պիտի յաջողին: Երբ իրարու ետեւէ գրաւենք նորանոր աստղեր եւ անոնց մէջ հանդիպինք նոր կեանքով ապրող նոր արարածներու, այն ատեն միայն պիտի զգանք, թէ բոլորս մէկ երկրացի ենք, մէկ սիրտ, մէկ հոգի, ծնած` այս աշխարհի հողէն:
Է՜հ, դեռ երկա՜ր պիտի սպասենք ուրեմն այդ երջանիկ դարաշրջանին: Մինչ այդ թնդանօթները պիտի գոռան հիւսիսէն ու հարաւէն, սարսափը ամպի պէս չոքած պիտի մնայ արեւելքին ու արեւմուտքին վրայ:
Լուսինը եւ Հայկական հարցը… ինչո՞ւ չէ, մի՛ զարմանաք: Կարելի չէր նման խորհրդածութիւններու մղուիլ եւ մոռնալ Հայկական հարցը, որ այս երկրագունդին վրայ տիրող անարդարութեանց ամէնէն ցայտուն եւ գունագեղ օրինակն է: Որքան ատեն լուսիններ կը գրաւուին, բայց բռնութիւնը կը տիրապետէ հոս` վարը, որքան ատեն արիւնոտ կրունկներ կը ճզմեն նուիրական սրբութիւնները մեծ ու պզտիկ ազգերուն, որքան ատեն կ՛աշխատին քաղաքակրթութեան կոթողներ փոշիացնել, մարդկութիւնը կը մնայ նոյնը, ապերջանիկ, տագնապահար եւ անձկալից:
Մարդիկ ամպերէն վեր բարձրացան, շա՜տ վեր, բայց ամպերը մնացին մեր հորիզոնին վրայ:
Մ. ԻՇԽԱՆ