Կազմակերպութեամբ «Էյ. Էն. Պուխաթեր» ընկերութեան, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մոթորսայքլինկի «Քափ-390» մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումը` «Քարթինկ-Մանիա» վազքուղիին վրայ (Քուսպա):
Ներկայութեամբ մեծաթիւ հանդիսատեսներու, անոր մասնակիցները մարզական ոգիով պայքարեցան իրենց ամէն կարելին ընելու` գրաւելու համար առաջին դիրքը:
Դ. հանգրուանի այս մրցումով վերջ գտաւ 2019-ի «Քափ-390»-ի մոթորսայքլինկի այս մրցաշարքը: