ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպ հաստատեց, որ իշխանութիւններուն մօտիկ անձնաւորութիւններ փորձած են կարգ մը թղթածրարներու մէջ շինծու տեղեկութիւններ ներառել: Ան շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը շրջափակելու երազները պիտի փշրուին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր, որ լիբանանեան քաղաքական գործակից ուժեր իրենք զիրենք փտածութեան դէմ պայքարէն զերծ կացուցեն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Մաալուֆ կոչ ուղղեց երկիրը դէպի յաւելեալ լարուածութիւն չառաջնորդելու: «Լիբանանը կառավարութեան նիստի ամէնօրեայ կարիք ունի, հետեւաբար ինչո՞ւ երկիրը դէպի յաւելեալ ելեկտրականացում տանիլ եւ ինչպէ՞ս դատական իշխանութիւնները կասկածի տակ առնել», հարց տուաւ Մաալուֆ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հատի Ապու Հասան յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կատարած յայտարարութիւնները շարունակութիւնն են պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի սկսած արշաւին, որուն նպատակն է դէպքերը իրենց առանցքէն շեղել:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ այս եղանակին գլխաւոր զաւեշտը այն է, որ ոճրագործը կը փափաքի ընտրել դատական ատեանը եւ նշանակել դատաւորը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի ընդգծեց, որ այսօր երկրին մէջ կ՛ապրինք սահմանադրական յեղաշրջումի պահեր, որոնց գործադիր հեղինակն է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ դատական իշխանութիւններուն աշխատանքը շեղելու նպատակով կատարուած քաղաքական միջամտութիւնները կը փաստեն «Լիբանանի դատաւորներու ակումբ»-ին նկատմամբ մեր ցուցաբերած զօրակցութիւնը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ ոմանք կը փորձեն ամէն գնով խանգարել լիբանանեան ներկայ իշխանութեան աշխատանքի հոլովոյթը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ հիւանդանոցներէն դուրս արձանագրուած սրտի կաթուածներու պարագաները, որոնք կը պատճառեն տագնապի ենթարկուող անհատին մահը` 95 առ հարիւրի համեմատութիւն կը կազմեն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ հաստատեց, որ եթէ հարցերը կառավարութեան նիստին ընթացքին չպայթին, ապա նիստէն անկախ պիտի պայթին: Ան աւելցուց, որ կառավարութեան աշխատանքի սառեցումը աղէտալի է:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան իրաւաբաններու բաժանմունքի նախագահ Նաշաթ Հասանիէ հաստատեց, որ պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ Քապըր Շմունի միջադէպին շուրջ բացուած հետաքննութիւնը դէպի յստակ ուղղութիւն մը կ՛առաջնորդէ: Ան աւելցուց, որ իրենք Զինուորական ատեանը չեն մերժեր, այլ` ատեանին ընթացքը: