Իրաքի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Լիբանանի ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, պիտի մրցի Պաղեստինի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Քարպալայի մէջ, պիտի սկսի ժամը 22:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանան արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սուրիան:
Այս յաղթանակը եղաւ առաջինը` Լիբանանի ազգային խումբի ռումանացի նոր մարզիչ Լեւիօ Չիոփոթարիոյի համար: