Միացեալ Նահանգներու մէջ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցան երկու զինեալ յարձակումներ, որոնք պատճառեցին 29 զոհեր:
Թեքսաս Նահանգի Էլ Փասօ քաղաքի առեւտրական կեդրոններէն մէկուն մէջ զինեալ յարձակում մը պատճառեց 20 զոհ եւ 26 վիրաւորներ: Մեքսիքայի նախագահ Անտրես Մանուէլ Լոփես Օպրատոր յայտնեց, որ զոհերու շարքին կան մեքսիքացիներ:
Յարձակումը տեղի ունեցաւ տեղւոյն ժամանակով շաբաթ երեկոյեան: Ոստիկանութիւնը ձերբակալեց յարձակումին համար կասկածուող 21-ամեայ երիտասարդը, որ Տալլաս քաղաքի բնակիչ է: Ան յանձնուած է ոստիկաններուն:
Զինեալը յարձակումէն առաջ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրառում կատարելով արտայայտուած է 15 մարտ 2019-ին Նոր Զելանտայի մէջ մզկիթներու դէմ 50 զոհ պատճառած ահաբեկչական յարձակումներուն մասին: Ան յայտարարած է, թէ իր քայլով «կը պաշտպանէ իր երկիրը օտարերկրեայ ներխուժումէն», ինչպէս նաեւ կարծիք յայտնած, թէ ներգաղթեալներու հոսքէն կը վնասուին Միացեալ Նահանգներու մշակոյթն ու տնտեսութիւնը:
Թեքսասի մէջ կատարուած յարձակումէն ժամեր ետք Օհայօ նահանգի Տէյթըն քաղաքի կեդրոնին մէջ արձանագրուեցաւ զինեալ յարձակում մը, որ պատճառեց 9 զոհ եւ 26 վիրաւոր:
Ոստիկանները հաստատեցին, որ յարձակումին շղթայազերծումէն վայրկեաններ ետք կրցած են սպաննել զինեալը: