Ազրպէյճանի միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծական կեդրոնը մտադիր է բանալ հայագիտութեան հետազօտական բաժին, որ պիտի զբաղի հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան ուսումնասիրութեամբ:
«Մենք պէտք է համակողմանի ուսումնասիրենք Հայաստանը, ներառեալ անոր քաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը, պատմութիւնը, գրականութիւնը: Մենք կը մտածենք նաեւ կեդրոնին մէջ հայոց լեզուի դասընթացքներ կայացնել: Ազրպէյճանի մէջ հայերէն գիտցող մասնագէտները քիչ են», «Ռուսարմինֆօ»-ի համաձայն, ըսած է կեդրոնի կառավարման խորհուրդի նախագահ Ֆարիտ Շաֆիեւ:
Անոր համաձայն, շարք մը ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուած եւ հայագիտութեան բաժինի բացման նպատակը «տագնապին իրողութիւնը միջազգային ընտանիքին հասցնելն է»: