Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ անցեալ ուրբաթ յետմիջօրէին բողոքի նստացոյցի մը ընթացքին սպաննուած Հիւսէյն Ալաէտտինի (ծանօթ` իբրեւ Ապու Հասան Խումէյնի) յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ երէկ, Ֆաուքանի թաղամասին մէջ:
«Խումէյնի»-ի սպանութիւնը պատճառ դարձած էր, որ Ալաէտտին ընտանիքին եւ Արքուպի խմբաւորումին միջեւ արձանագրուին զինեալ բախումներ:
Հիւսէյն Ալաէտտինի թաղման թափօրը Ֆաուքանի թաղամասէն հասաւ Թահթանի թաղամաս եւ Պուսթան Քուտս` հասնելով մինչեւ Այն Հելուէ գաղթակայանի նոր գերեզմանատունը, ուր անոր մարմինը յանձնուեցաւ հողին:
Յուղարկաւորութեան ներկայ գաղթակայանի պաղեստինեան քաղաքական տարբեր ուժերուն կողմէ Հիւսէյն Ալաէտտին կոչուեցաւ «Պաղեստինեան միասնականութեան եւ համախոհութեան նահատակը»:
Հիւսէյն Ալաէտտինի սպանութեան պատասխանատու Պիլալ Արքուպ, որ պետութեան կողմէ պահանջուած է բազմաթիւ յանցանքներով, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն սպաննուեցաւ` պաղեստինեան իսլամական ուժերուն կողմէ գործադրուած ապահովական գործողութեան մը ընթացքին:
Պիլալ Արքուպի սպանութեան յաջորդեց անոր երկու զաւակներուն` Եուսեֆ եւ Ուսամա Արքուպներու ձերբակալութիւնը եւ անոնց յանձնումը լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան:
Պաղեստինեան իսլամական ուժերը տակաւին կը շարունակեն փնտռել Պիլալ Արքուպի երրորդ զաւակը` Մոհամետը, զայն լիբանանեան իշխանութիւններուն յանձնելու նպատակով: