93 տարեկանին կեանքէն հեռացած է ամերիկահայ հանրածանօթ գիտնական, իրաւագէտ, պատմաբան, ընկերաբան, ուսողագէտ, ընկերաբանութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ՀՀ ԳԱԱ) պատուոյ դոկտոր, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ, Հայոց ցեղասպանութեան պատմաբան եւ «Զօրեան» հաստատութեան Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման գծով տնօրէն Վահագն Տատրեանը, այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»-ին, կը տեղեկացնէ gagrule.net-ը:
Վահագն Տատրեան ծնած է 1926-ին, Պոլիս: Աւարտած է Պերլինի համալսարանի ուսողութեան, Վիեննայի համալսարանի պատմութեան եւ Ցիւրիխի համալսարանի միջազգային իրաւունքի բաժանմունքները: 1970-էն 1991 ընկերաբանութիւն դասաւանդած է Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ, միաժամանակ եղած է Հարվըրտի համալսարանի Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու եւ Մասսաչուսեցի Արհեստագիտութեան միջազգային ուսումնասիրութիւններու կեդրոններու աւագ գիտաշխատող: 1990-ականներուն եղած է Հ. Ֆ. Գուգենհայմի ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու ծրագիրի տնօրէն: 1991-էն «Զօրեան» ուսումնարանի (Թորոնթօ եւ Քեմպրիճ) ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու ծրագիրի գիտական տնօրէնն էր:
Տատրեան համեմատական ցեղասպանագիտութեան հիմնադիրներէն է: Յատկապէս արժէքաւոր են «Հայկական ցեղասպանութիւնը խորհրդային եւ պատմագիտական քննարկումներով» (հայերէն, 1995), «Հայոց ցեղասպանութեան մէջ գերմանական պատասխանատւութիւնը: Պատմական ապացոյցի ստուգաբանութիւն» (անգլերէն, 1996), «Ցեղասպանութեան երաշխիքը. Թուրք-հայկական հակամարտութեան գլխաւոր բաղադրատարրեր» (անգլերէն, 1998) մենագրութիւնները: Միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերլուծութեան նուիրուած է «Ցեղասպանութիւնը որպէս ազգային եւ միջազգային իրաւունքի հիմնահարց. Հայկական հարցը Ա. աշխարհամարտի տարիներուն եւ անոր նկատմամբ ժամանակակից իրաւական վերաբերմունքը» (անգլերէն, 1989) աշխատութիւնը:
Վահագն Տատրեան պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի»-ի մետալով, «Վերիթաս» ոսկէ մետալով (Հարվըրտի համալսարան), Ռուսիոյ հայերու միութեան ոսկիէ մետալով, ՀՀ ԳԱԱ ոսկիէ յուշամետալով, Իտալիոյ «Ճշմարիտները հայերու համար» կոմիտէի Ֆրիտէոֆ Նանսենի ոսկիէ յուշամետալով (Ցեղասպանագէտ գիտնականներու միջազգային ընկերակցութիւն), «Ս. Սահակ – Ս. Մաշտոց» մետալով, Հայաստանի նախագահի ոսկիէ մետալով: