Անտորրայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութեան Գ. դասակարգի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 74-55 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Վրաստանը:
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Փաթիլ Նաթալի Եագուպեան (20):
Հայաստան առաջին մրցումին յաղթած էր Ճիպրալթարին (63-33):