Միջին եւ կարճ հասողութեան հրթիռներու ոչնչացման մասին պայմանագիրը կը դադրեցուի այսօրուընէ` Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութեամբ: «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«2 օգոստոս 2019-ին ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ դադրեցուած է 8 դեկտեմբեր 1987-ին Խորհրդային Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կնքուած միջին եւ կարճ հասողութեամբ հրթիռներու ոչնչացման մասին պայմանագիրը», կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Ուաշինկթըն համաձայնագիրէն միակողմանի դուրս գալու մասին յայտարարած էր վեց ամիս առաջ` վկայակոչելով Ռուսիոյ կողմէ ենթադրեալ խախտումները: Մոսկուան, որ իր կարգին բողոքներ ունի Միացեալ Նահանգներու կողմէ պայմանագիրի կատարման վերաբերեալ, դիմած է պատասխան քայլի:
Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ իր երկիրը 2 օգոստոսին դուրս պիտի գայ այդ պայմանագիրէն:
«Այս ուրբաթ օր պիտի ըլլայ պայմանագիրի պաշտօնական դադրեցման օրը, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ (պայմանագիրէն) դուրս պիտի գան», Ուաշինկթընի մէջ յայտարարած էր Պոլթըն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ Պանքոքի մէջ յայտարարեց, թէ իր երկիրը «այսօրուընէ սկսեալ» դուրս կու գայ այդ պայմանագիրէն` շեշտելով. «Պայմանագիրի ջնջման միակ պատասխանատուն Ռուսիան է»:
ՕԹԱՆ իր կարգին պայմանագիրի խզման համար պատասխանատու նկատեց Ռուսիան: