Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կը պատրաստուին իրենց հազարաւոր զինուորները Աֆղանիստանէն հեռացնելու` հանրապետութեան մէջ խաղաղ լուծման գործարքի ծիրին մէջ Թալեպան շարժումին կողմէ շարք մը զիջումներու դիմաց: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը` վկայակոչելով Սպիտակ տան մէջ իր աղբիւրները:
Նշեալ աղբիւրներուն տուեալներով` համաձայնութիւններուն համապատասխան, թալեպանները պէտք է Աֆղանիստանի կառավարութեան հետ սկսին աւելի համապարփակ հաշտութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու: Այս համաձայնութեան հիմամբ, Միացեալ Նահանգներ երկրին մէջ իրենց 14 հազար զինուորներէ բաղկացած ուժերը պիտի կրճատեն մօտաւորապէս 8-9 հազարով:
Անոնք հանրապետութեան մէջ մօտաւորապէս այդքան տեղակայուած էին, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 2017-ին ստանձնեց իր պաշտօնը:
Համաձայնութիւններուն ծիրին մէջ թալեպանները պէտք է պահպանեն զինադադարը եւ հրաժարին Քայիտա ահաբեկչական ցանցին հետ կապերէն:
Համաձայնագիրը ձեւակերպուած է թալեպաններու եւ Աֆղանիստանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Զալմայ Խալիլզատի միջեւ քանի մը ամիս տեւած բանակցութիւններուն հիմամբ:
Միւս կողմէ, «Ուաշինկթըն Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ Աֆղանիստանի մէջ երեխաներու աչքերուն առջեւ գլխատած է Թալեպան շարժումի մէկ անդամը: