Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Իրանի վրայ պատժամիջոցներ հաստատել:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու համախմբումի արտաքին գործոց նախարարներու մեծ տէրութիւններու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ ժողովի ընթացքին ըսաւ, թէ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները փաստեցին իրենց ազդուութիւնը եւ անոնք ամէնուրեք պիտի կիրարկուին:
Մինչ այդ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ կը մերժէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները:
Նախարարութիւնը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է բաց պահել դիւանագիտութեան ուղին, մանաւանդ լարուածութեան աճի պայմաններուն մէջ:
Եւրոպական Միութիւնը իր կարգին նշեց, որ պիտի շարունակէ աշխատիլ Զարիֆի հետ` իբրեւ իրանեան դիւանագիտութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչ:
Բրիտանիոյ կառավարութիւնը եւս յայտարարեց, թէ Զարիֆի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն պիտի չզօրակցի: