Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մեզի համար արեւը միայն լոյսի աղբիւր մը չէ, ան, օրինակի համար շատ կարեւոր է նաեւ մեր տրամադրութեան համար: Մենք պիտի տեսնենք, թէ մեր այս աստղը մեզի որքա՛ն լաւութիւն կը բերէ, սակայն նաեւ, թէ ի՛նչ նախազգուշութիւններ պէտք է առնել, առողջութեան համար վտանգաւոր կարգ մը ճառագայթներուն պատճառով:
Արեւը առօրեայ պէտք մըն է
Արեւուն բոլոր բարիքներէն օգտուելու համար պէտք չունինք ժամերով արեւուն տակ «պրոնզաժ» ընելու… Օրական 15-30 վայրկեան արեւուն տակ մնալը բաւարար է: Սակայն որպէսզի մենք արեւուն բարիքներէն օգտուինք, պէտք է որ անոր ճառագայթները մինչեւ մեր մորթը հասնին. երբ ձմեռ է, եւ մենք բաճկոններ հագուած ըլլանք, ասիկա նուազ ազդու պիտի ըլլայ, քան երբ մենք կարճ թեւերով եւ կարճ տաբատով կը պտտինք ամառը:
Դրական ազդեցութիւն` մեր տրամադրութեան վրայ
Գիտէի՞ր, որ եթէ մեր մեր մարմինը բաւարարաչափ արեւուն տակ չէ գտնուած, մենք կրնանք անկումի վիճակ զգալ. արեւը շատ դրական ազդեցութիւն ունի մեր հոգեկան վիճակին վրայ: Այս պատճառով է, որ յաճախ աւելի լաւ կը զգանք ամրան ընթացքին, քան` ձմրան: Այն անձերը, որոնք տրամադրութեան անկումի վիճակ կ՛ապրին, լոյսի դարմանումի կը հետեւին. դարմանումին ընթացքին յատուկ լամբեր կը գործածուին արեւուն բարեգործ աշխատանքը արտադրելու համար:
Արեւը կ՛օգնէ մեր ներքին ժամացոյցը շտկելու
Նախորդ շաբթուան մեր էջին մէջ տեսանք, թէ մեր մարմինը ունի ներքին ժամացոյց մը: Մենք այդ ժամացոյցին պէտք ունինք լաւ աշխատելու համար. մեր մարմինը պէտք ունի աշխատանքի եւ հանգիստի շրջաններ: Ասիկա կենսաբանական կշռոյթն է: Յատկապէս մեր ուղեղը շատ բաներ ունի ընելիք գիշերը, երբ մենք կը քնանանք, եւ որ ան չի կրնար ընել, երբ մենք կը խօսինք կամ կը շարժինք: Այս կենսաբանական ժամացոյցը կը բանի ըստ արեւին:
Արեւը մեզի կ՛օգնէ քնանալու
Արեւը մեր մարմնին կ՛օգնէ` մեր քունը կանոնաւորելու: Երբ մեր աչքերը լոյս կը տեսնեն, անոնք ուղեղին լուր կու տան: Ուղեղը այս տեղեկութիւնը կը փոխանցէ փոքրիկ գեղձի մը, որուն պաշտօնն է արտադրել յատուկ նիւթ մը: Երբ մեր աչքերը ուղեղին կը տեղեկացնեն, որ այլեւս լոյս չկայ, այս գեղձը կ՛արտադրէ մելաթոնին, որ մեզի քուն կու տայ:
Գիտէի՞ր, թէ այս պատճառով է, որ գիշերը պէտք է խուսափիլ համակարգիչէն, հեռատեսիլէն կամ բջիջային հեռաձայններէն. անոնց լոյսը մեր ուղեղին այն տպաւորութիւնը կու տայ, որ տակաւին արթուն պէտք է մնալ:
Կերպընկալէ Աղբերով
Պատ Մը Ռիոյի Մէջ
Կերպընկալի ապականումը դարձած է իսկական աղէտ մը, որ կը փճացնէ ծովերն ու ովկիանոսները: Ովկիանոսները լեցուն են տարբեր տեսակի կերպընկալէ առարկաներով, տոպրակներով, շիշերով, որոնց պատճառով կրիաները կը խեղուին եւ ձուկերը կը սատկին: Այս բոլորին պատասխանատուն մարդ արարածն է, որ անպատիժ կը մնայ:
Մտայնութիւնները փոխելու համար բազմաթիւ աշխատանքներ տեղի կ՛ունենան աշխարհի չորս կողմերը: Այս ձեւով, ապականումի դէմ պայքարող միութիւն մը գարեջուրի ընկերութեան մը հետ գործակցելով, մտածած է շինել պատ մը` ամբողջովին շինուած Պրազիլի Ռիօ տը Ժաներօ քաղաքին նշանաւոր Իփանեմա ծովափին վրայ գտնուած կերպընկալէ աղբերով:
«Օր մը ծովափին վրայ լքուած աղբերը ձեզի պիտի արգելք ըլլան հոն հասնելու»: Ահա, թէ ի՛նչ գրուած է այդ պատին վրայ: 15 մեթր երկարութեամբ եւ 2 մեթր բարձրութեամբ այս պատը հարիւր առ հարիւր շինուած է այդ ծովափին վրայէն երեք օրուան մէջ հաւաքուած աղբերով:
Արեւուն Մասին
● Արեւուն լոյսը երկրագունդ կը հասնի 8,19 վայրկեանէն:
● Արեւուն լոյսն ու տաքութիւնը 149,6 միլիոն քմ կը կտրեն մինչեւ երկրագունդ հասնիլը:
● 1,3 միլիոն երկրագունդեր կրնային դրուիլ արեւուն մէջ, եթէ ան պարապ ըլլար:
● Արեւուն կորիզին ջերմաստիճանը 15,5 միլիոն աստիճանի կը հասնի:
● Մենք օրական պէտք ունինք 15 վայրկեան արեւուն տակ գտնուելու, որպէսզի մեր մարմինը կարենայ բաւարարաչափ Տէ. կենսանիւթ արտադրել` մեզ առողջ պահելու համար:
● Արեւը լուսինէն 400 հազար անգամ աւելի փայլուն է:
● Արեւուն 71 առ հարիւրը կազմուած է ջրածին կոչուած կազէ:
● 50 աստիճան պահպանութեան նշան ունեցող արեւու քրեմը կրնայ մեզ պաշտպանել արեւու վտանգաւոր ճառագայթներուն 98 առ հարիւրէն:
Խոհագիր
Գոյնզգոյն Կասփաչօ
Այս սպանական պաղ ապուրը սննդարար եւ զովացուցիչ ուտելիք մըն է այս ամառնային չափազանց տաք օրերուն:
Պէտք ունիս (4 անձերու համար)
5 լոլիկ, 1 վարոնգ, 1 անանաս, 1 կարմիր պղպեղ, 1 կանաչ կիտրոն, 4 ապուրի դգալ պալսամիք քացախ, 4 ապուրի դգալ ձէթ, քանի մը տերեւ ռեհան (կամ 10 կրամ չոր ռեհան), քանի մը տերեւ անանուխ (կամ 10 կրամ չոր անանուխ), աղ:
Պատրաստութիւն
Բոլոր բանջարեղէնները լուա՛ եւ անձեռոցով մը չորցուր: Զգուշօրէն կեղուէ լոլիկները, պղպեղը եւ վարունգը (երկու վարունգի կլորակ շերտ մէկ կողմ ձգէ): Կուտերը հանէ եւ պզտիկ կտորներու կտրէ:
Չափահասէ մը խնդրէ, որ անանասին կէսը կտրէ եւ կեղուէ: Անանասն ալ պզտիկ կտորներու վերածէ:
Բանջարեղէններու բոլոր կտորները դիր հարիչին մէջ եւ աղա՛, մինչեւ որ թանձր ապուր մը ստանաս: Աւելցուր կիտրոնին հիւթը, ձէթը պալսամիք քացախը:
Այս խառնուրդը պարպէ չորս մեծ գաւաթներու մէջ եւ զանոնք սառնարանը դիր նուազագոյնը մէկ ժամ: Հրամցնելէ առաջ վարունգի եւ անանասի փոքրիկ կտորներ կտրէ եւ զանոնք դիր ապուրին վրայ` զարդարելով ռեհանի կամ անանուխի տերեւով մը:
Բարի՛ ախորժակ:
Հնարք: Լոլիկները կեղուելէ առաջ զանոնք հինգ վայրկեան եռացած ջուրի մէջ դիր. այս ձեւով լոլիկները շատ աւելի դիւրութեամբ պիտի կեղուըւին:
Ժամանց