Անտորրայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան Գ. դասակարգի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի տղոց հաւաքականը կրեց իր յաջորդական չորրորդ պարտութիւնը, երբ այս անգամ զիջեցաւ Սան Մարինոյին` 72-60 արդիւնքով:
Արեգ Վաթեանի գլխաւորած խումբը իր կատարած առաջին մրցումին պարտուած էր Մալթայէն (82-81), ապա` Ալպանիայէն (77-57), որմէ ետք` Ճիպրալթարէն (69-57):