Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտնեց, որ Թեհրան պիտի շարունակէ Հիւլէական համաձայնագիրին նկատմամբ իր յանձնառութիւնները նուազեցնել, եթէ եւրոպացիները զայն չպաշտպանեն ամերիկեան պատժամիջոցներէն:
Ան ըսաւ, թէ ելեւմտական մեքանիզմը միջոց մըն է, որ Եւրոպային կ՛արտօնէ գործադրել իր յանձնառութիւնները, եւ Ուաշինկթըն իրաւունք չունի անոր դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու:
Միւս կողմէ, Զարիֆ յայտնեց. «Եթէ Սէուտական Արաբիան պատրաստ է երկխօսութեան, ապա մենք միշտ պատրաստ ենք մեր դրացիներուն հետ երկխօսութեան»:
Մինչ այդ, Իրանի մէջ երեքշաբթի օր 2013-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով գումարուեցաւ իրանեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եզերապահ ուժերուն միջեւ ժողով մը:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ երէկ յայտնեց, որ դաշինքը Հորմուզի նեղուցին մէջ առաքելութեան ձեռնարկելու որեւէ դիմում չէ ստացած: