Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը մտահոգիչ հաղորդագրութիւններ ստացած է, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը մտադիր է երկու ամսուան ընթացքին դադրեցնել Արցախին տրամադրուող ելեւմտական աջակցութիւնը, որուն տրամադրումը նախապէս հաստատուած էր Քոնկրեսին կողմէ:
Նախապէս Միացեալ Նահանգներու 2020 թուականի ելեւմտական տարուան մէջ օտար երկիրներուն տրամադրուող ելեւմտական աջակցութեան ծիրին մէջ հաստատուած էր «Եու.Էս.Էյտ»-ի կողմէ Արցախին տրամադրուելիք աջակցութիւնը:
Աջակցութեան վերաբերեալ օրէնքի նախագիծը առաջին անգամ Միացեալ Նահանգներու` օտար երկիրներուն տրամադրուող ելեւմտական աջակցութեան ծիրին մէջ ներառուած էր 1998-ի ելեւմտական տարուան մէջ` Քալիֆորնիա նահանգէն դեմոկրատական քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի ջանքերով, իսկ յաջորդ ելեւմտական տարուան մէջ ատոր ներառումը ապահոված էր դեմոկրատական քոնկրեսական Թի Քոքս:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ձեռնարկած է արշաւի մը, որուն ծիրին մէջ ամերիկաբնակ հայերէն կը խնդրէ հեռաձայնով աջակցիլ երկու քոնկրեսականներու` «Եու.Էս.Էյտ»-ին ուղղուած նամակին, որ աջակցութեան ծրագիրը շարունակելու կոչ կը պարունակէ:
Ամերիկեան հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Սարգսեան իր կարգին յայտնած է, որ ամերիկեան կառավարութիւնը կը նախատեսէ կրճատել Արցախին տրամադրուող օգնութիւնը, որուն նպատակն է ականապատուած տարածքներու ականազերծումը:
«Ասիկա «Եու.Էս.Էյտ»-ի կողմէ ֆինանսաւորուող ծրագիր է, որուն դադրեցումը իր մէջ լուրջ քաղաքական պատգամ կը պարունակէ: Կոչ կ՛ուղղեմ ամերիկաբնակ ընկերներուս միանալու Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպած արշաւին: Դարձեալ կ՛ըսեմ, ասիկա լրջագոյն քաղաքական հետեւանքներ պիտի ունենայ: Ասիկա պիտի դառնայ քաղաքական եւ իրաւական նախադէպ, որուն հետեւանքներուն բոլորս կը գիտակցինք:
«Յ. Գ. Միացեալ Նահանգներ, Հայաստանի Հանրապետութենէն ետք, աշխարհի միակ պետութիւնն են, որ չճանչնալով հանդերձ Արցախի անկախութիւնը, ուղղակի ելեւմտական աջակցութիւն կը տրամադրէ Ստեփանակերտին», գրած է Սուրէն Սարգսեան:
Two way for Arzakh :united with Armenia as Nakhichevan did with Azerbaijan(granted freely by communists)or stay independent, subject returning back to Azeri rule like before, by NEW plot, with 30 years Loot Sabotaging Assistance policy and false justice ruling. Armenia is stabbed from back with 1921 “Brotherly Turkey/Communist Valid” alliance + Azerbaijan by proxy.NON unification will destroy ANY FUTURE UNITED ARMENIA STARTING PROCESS FOR EVER.Thinking to SEPARATE BACKBONE from BODY IS FALSE solution, is TOTAL CAPITULATION ACT,playing ENEMY PLOT GAME.Armenia stayed FREE 5 months without food/ammunition under NEJTEH guidance in SUNIK against communist army.”MAH GAM AZADOOTYOON” is the ONLY Valid way with TOTAL mobilization from INSIDE AND OUTSIDE TO EXIST.Sevres,7th ally,Wilson borders will be FORGET FOREVER if ARMENIA WILL NOT RESIST and FIGHT NOW LOOSING EVERYTHING.