Հայաստանի ֆութպոլի բաժակակիր Ալաշկերտ Երեւան երէկ հասաւ Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշ:
«Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, հայրենի կազմը վաղը` հինգշաբթի, 1 օգոստոսին, մրցում մը ունի կատարելիք ռումանական Շթէուա խումբին դէմ: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 22:30-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Հայկական խումբին առաքելութիւնը կը նկատուի քիչ մը բաւական դԺուար` նկատի ունենալով, որ Շթէուա երթին Երեւանի մէջ արձանագրեց… 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: