«Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումները:
Ճիպրալթարի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Վարդան Մինասեանի գլխաւորած խումբը` Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը:
Յաջորդիւ ան կը մրցի Վրաստանի ներկայացուցիչ Սապուրթալոյի դէմ:
Երթին հայկական կազմը 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած է Լինքոլնի դէմ: