Միացեալ Նահանգներ դիւանագիտական խողովակներով պաշտօնական խնդրանք ուղարկած են Գերմանիոյ` մասնակցելու Հորմուզի նեղուցին մէջ անվտանգութեան հսկողութեան առաքելութեան: Այս մասին գերմանական «Տի.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան յայտնած է Պերլինի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը:
«Մենք Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն եւ Բրիտանիայէն պաշտօնապէս խնդրած ենք միասնաբար օգնել` ճնշելու Հորմուզի նեղուցին մէջ իրանեան յարձակողականութիւնը», յայտնած են դեսպանատունէն:
Նախապէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն դաշինք կը ստեղծէ Արաբական ծոցի շրջանին մէջ նաւարկութեան ազատութիւնը ապահովելու նպատակով:
23 յուլիսին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ առաջարկած էր դաշինքին մէջ տարբեր շրջաններէ պետութիւններ ներգրաւել: Նոյն օրը յայտնի դարձած էր, որ Գերմանիան, Ֆրանսան եւ Բրիտանիան բանակցութիւններ կը վարեն Արաբական ծոցին մէջ նաւարկութեան անվտանգութեան հսկողութեան սեփական առաքելութիւն ապահովելու շուրջ:
Երէկ աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը մերժած է Միացեալ Նահանգներու դիմումը: