Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Բակօ Սահակեան Թալիշ Գիւղին Մէջ Խորհրդակցական Հանդիպում Ունեցաւ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան չորեքշաբթի, 24 յուլիսին այցելեց Մարտակերտի շրջանը եւ Թալիշ գիւղին մէջ ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը` բնակավայրի տարածքին տարբեր ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցերու շուրջ:
Արցախի Պետնախարարը Ծանօթացած Է Ռմբապաստարանի Կառուցման Ընթացքին
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը յուլիս 13-ին այցելած է Մարտունիի շրջան` ծանօթանալու պետական շարք մը ծրագիրներու իրականացման ընթացքին:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը, շրջանային կեդրոն հրաւիրած խորհրդակցութեան, որուն կը մասնակցէին` գիւղատնտեսութեան նախարար Ժիրայր Միրզոյեանը, շրջվարչակազմի ղեկավար Արարատ Մելքումեանը, աշխատակազմի ոլորտային պատասխանատուներ, քննարկուած են հիմնականին մէջ քաղաքաշինութեան ու գիւղատնտեսութեան բնագաւառներուն առնչուող հարցեր:
Գրիգորի Մարտիրոսեանը խօսելով ընկերային տարբեր խումբերու նկատմամբ պետութեան ունեցած պարտաւորութիւններուն մասին` ընդգծած է բնակարանային խնդիր ունեցող քաղաքացիներու հերթացուցակները կարճ ժամանակահատուածի մէջ ճշգրտելու անհրաժեշտութիւնը:
Վարչակազմի ղեկավար Արարատ Մելքումեանը` ի պատասխան պետնախարարի դիտարկման, նշած է, որ բնակարանային հարցերով յանձնաժողովի վարչակազմին մէջ տեղի ունեցած հերթական նիստի ընթացքին առաջնահերթ որակուած է 14 բնակարանի տրամադրումը զոհուած ազատամարտիկներու, իսկ 3-ը` առաջին կարգի հաշմանդամութիւն ունեցողներու ընտանիքներուն:
Պետական նախարարը բարձրացուցած է նաեւ կենսական նշանակութեան խմելու ջուրի եւ ճանապարհներու խնդիրները, համայնք առ համայնք ճշդել, թէ ո՛ր համայնքի մէջ ի՞նչ ծաւալի աշխատանքի կարիք կայ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին Գրիգորի Մարտիրոսեանը քննարկած է նաեւ գիւղատնտեսական աշխատանքներու ընթացքը: Գիւղատնտեսութեան նախարար Ժիրայր Միրզոյեանը պետական նախարարին ներկայացուցած է անասնաբուծութեան, յատկապէս խոզաբուծութեան ոլորտին մէջ առկայ խնդիրները:
Խորհրդակցութեան աւարտին յաջորդած է պետական նախարարի շրջայցը քաղաքի գլխաւոր շինհրապարակներէն մէկը: Պետական պատուէրով կը շարունակուի բազմաբնակարան թաղամասի շինարարութեան երկրորդ փուլը: Շինարարութիւնը իրականացնող «Ֆերզիտ» ընկերութեան տնօրէն Արթուր Խաչատրեանը վստահեցուցած է, որ կարճ ժամանակահատուածի մէջ կ՛աւարտին ներքին եւ արտաքին յարդարման աշխատանքները: Գրիգորի Մարտիրոսեանը անձամբ ստուգած է աշխատանքներու որակը, իսկ շէնքերէն մէկու նկուղային յարկին վրայ ծանօթացած է ռմբապաստարանի կառուցման ընթացքին:
Յագեցած աշխատանքային օրուան հանդիպումները նաեւ հողօգտագործողներու հետ էին: Բերդաշէնի դաշտերուն մէջ Գրիգորի Մարտիրոսեանը հանդիպած է ծխախոտի, խաղողի եւ նուռի մշակութեամբ զբաղող մենատնտեսներուն հետ, որոնք կը փորձեն քայլ կատարել դէպի արհեստագիտական բարձր գիւղատնտեսութիւն: Երեկոյեան պետական նախարարը այցելած է նաեւ Տիգրանակերտի քարի մշակման արտադրամաս, ծանօթացած է ընթացող աշխատանքներուն ու արտադրական հնարաւորութիւններուն:
Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ Գէորգ Պետիկեանի «Ես Տեսայ Անին» Հատորին Շնորհահանդէսը
Հինգշաբթի, 25 յուլիս 2019-ի կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Երեւանի Ա. Իսահակեանի անուան գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկաբնակ ծանօթ գրող, մտաւորական եւ կրթական մշակ Գէորգ Պետիկեանի նոր լոյս ընծայած «Ես տեսայ Անին» հատորին շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկին, հեղինակին եւ իր կնոջ կողքին, ներկայ էին նաեւ Պետիկեանի երեւանաբնակ նախկին աշակերտ-աշակերտուհիներէն շատեր, Հալէպի Ազգ. Քարեն Եփփէի ճեմարանականներ, հայրենի մտաւորականներ եւ հալէպցի ու հայրենի մշակութասէրներու հոծ բազմութիւն մը:
Պէտք է յիշել, որ երեկոն նախաձեռնած էին Ա. Իսահակեանի անուան գրադարանի տնօրէն Յասմիկ Կարապետեանը, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգարիտա Խաչատրեանն ու ծանօթ մտաւորական Գէորգ Եազըճեանը` միասնաբար:
Իբրեւ օրուան յայտագիր` նախ Աիդա Ասատուրեանը կարդաց հատորէն «Խոստովանանք» պատմուածքը, յետոյ յաջորդաբար խօսք առին Գէորգ Եազըճեանը, Ջուլիետա Գալստեանը, լրագրողներու միութեան անդամ Մարիամ Ստեփանեանը, ապա` դոկտոր Խաչատրեանը:
Բոլոր խօսք առնողներն ալ հատորէն յատուկ պատմուածքներ կարդացին եւ միեւնոյն ժամանակ վեր առին Պետիկեան արեւմտահայ գրողի տաղանդն ու ոճը, անոր սահուն եւ հիւմուրով լեզուն, անոր կեանքն ու ցարդ հրատարակած 7 հատորներէն բխող սփիւռքահայ գրողին արժէքը:
Սրտի իր խօսքով ելոյթ ունեցաւ հեղինակ Պետիկեանը` մեծապէս տպաւորելով ներկաները, որմէ ետք մակագրեց իր նուիրած բոլոր հատորները:
Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտին մէջ ներկաները երկար ու կարօտով զրուցեցին գրող- հեղինակ-ուսուցիչ Գէորգ Պետիկեանին հետ:
Մատաղիսէն Թալիշ Ուղին Կը Նորոգուի
Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիէն դէպի Մատաղիս տանող ճանապարհահատուածը հիմնական վերանորոգման կ՛ենթարկուի:
Ճամբուն երկարութիւնը 10,7 քիլոմեթր է:
Ըստ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանի, առաջին հատուածի հողային աշխատանքները աւարտած են, եւ շուտով կը սկսի կուպրապատումը: Երկրորդ հատուածէն արդէն 2,4 քիլոմեթր կուպրապատուած է:
Արցախի պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ այս ճամբով կարելիութիւն պիտի ստեղծուի աւելի արագ հասնիլ սահմանամերձ բնակավայրեր:
«Անցեալին կը մնան Մատաղիս եւ Թալիշ տանող ճանապարհային դժուարութիւնները: Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիէն դէպի Մատաղիս տանող ճամբուն վրայ կը կատարուին հիմնական վերանորոգման աշխատանքներ: Մինչեւ տարեվերջ արդէն կարելի պիտի ըլլայ օգտագործել նոր ճամբան», յայտնեց Մարտիրոսեան:
Երեւան Ընդգրկուած Է Եւրոպական 20 Լաւագոյն Քաղաքներու Ցանկին Վրայ. «Սի.Էն.Էն.»
Ամերիկեան «Սի. Էն.Էն.» պատկերասփիւռի ալիքը հրապարակեց ցանկը եւրոպական 20 ամէնէն գեղեցիկ քաղաքներուն, ուր մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ չեն այցելեր, որուն մէջ ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանի մայրաքաղաքը: Անոր տեսարժան վայրերը քիչ բացայայտուած են զբօսաշրջիկներու կողմէ, կը յայտնէ «Թերթ»-ը:
«Հայաստանի մայրաքաղաքի դիրքը Եւրոպայի հեռաւոր արեւելեան շրջաններուն մէջ կը նշանակէ, որ ճամբորդները յաճախ զայն նկատի չեն ունենար: Սակայն առաւել քան 2800 տարուան պատմութիւն ունեցող այս քաղաքին մէջ անցեալը կարելի է զգալ նոյնիսկ առանց զբօսաշրջիկներու մեծ խումբերու», կ՛ըսուի նկարագրութեան մէջ:
Նիւթին հեղինակները զբօսաշրջիկներուն խորհուրդ կու տան Հայ եկեղեցւոյ եւ Երեւանի պատմութեան ծանօթանալու` «Էրեբունի» պատմաճարտարապետական թանգարանին մէջ:
Ցանկին վրայ ներառուած միւս քաղաքներէն են` Մինսքը, Թիֆլիսը, Անգարան եւ Պեռնը:
«Կինոյի Տաճար» Ցուցահանդէսի Բացումը` Նւոիրուած Սերգէյ Փարաջանովի Ծննդեան 95-ամեակին
Երեւանի «Այրարատ» (Ռոսիա) շարժապատկերի սրահի նախասրահին մէջ տեղի ունեցած է «Կինոյի տաճար» ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը` նուիրուած Սերգէյ Փարաջանովի ծննդեան 95-ամեակին:
Ցուցահանդէսին ներառուած են վարպետին «Նռան գոյնը» ժապաւէնի հիմնական խմբագրումէն դուրս մնացած, վերականգնուած ու մոռացութենէն փրկուած բաժինները, որոնք կը ներկայացուին հանրութեան: Ասիկա իրականացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի նախաձեռնութեամբ:
Ցուցահանդէսին զուգահեռ, սրահին մէջ կը ցուցադրուի Ռուբէն Գէորգեանցի «Աշխարհումս» վաւերագրական ժապաւէնը: Փարաջանովի կեանքի եզակի դրուագներով, լուռ զրոյցով ժապաւէնը անընդմէջ կը դառնայ պաստառին վրայ: Վարպետին մասին պատմող այս վաւերագրութիւն-փորձագրութիւնը Ռուբէն Գէորգեանցը նկարած է 1979 եւ 1989 թուականներուն: Փարաջանովին վերաբերող ամէն մէկ շարժ այն տարիներուն կը վերահսկուէր պետական մարմիններու կողմէ, արգիլուած էր որեւէ նախաձեռնութիւն, ուստի այս ժապաւէնին նկարահանումները կատարուած են գաղտնի եւ տեւած են շատ երկար: Ժապաւէն-փորձագրութիւնը կը պատմէ Փարաջանովի բանտէն ազատելէն ետք թիֆլիսեան առաջին օրերուն մասին:
2019-ին Ռոթըրտամի փառատօնի առանցքային ծրագիրներէն մէկը` «Կինոյի տաճարը», նուիրուած էր աշխարհահռչակ բեմադրիչ Սերգէյ Փարաջանովին: Վարպետին «Նռան գոյնը» ժապաւէնին հիմնական խմբագրումէն դուրս մնացած, վերականգնուած ու թուայնացուած պատկերները ներկայացուած են միջազգային հանրութեան:
Արցախի Մէջ Այս Տարուան Առաջին Կիսամեակին Ծնած Է 925 Երեխայ
Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդանոցներուն մէջ 2019-ի առաջին կիսամեակին ծնած են 925 երեխաներ, որոնցմէ 467-ը մանչեր են, իսկ 458-ը` աղջիկներ:
Ստեփանակերտի մէջ ծնած են 781 երեխաներ, Մարտակերտի մէջ` 80, Մարտունիի մէջ` 47, Հադրութի մէջ` 16 եւ Շահումեանի մէջ` 1: Արցախի Հանրապետութեան մէջ ընդհանուր ծնելիութիւնը առաջին կիսամեակին եղած է 973 երեխաներ, որոնցմէ 493-ը` մանչեր, 480-ը` աղջիկներ:
Նշենք, որ նախորդ տարուան վեց ամիսներուն հետ համեմատած` Արցախի մէջ ծնունդները նուազած են. 2018-ի առաջին կիսամեակին Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդանոցներուն մէջ ծնած էր 1057 երեխայ:
Երեւանի Մէջ Պիտի Կառուցուի 35-40 Հազար Հանդիսական Տեղաւորող Մարզադաշտ Մը
Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի մարզադաշտ մը, որ պիտի ունենայ միջազգային չափանիշներ եւ պիտի կարենայ ընդունիլ շուրջ 35-40 հազար հանդիսականներ, Դիմատետրի ուղիղ միացման ընթացքին յայտնեց կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան փոխնախարար Գէորգ Լոռեցեանը:
«Ապրիլ ամսուան վերջաւորութեան մեկնած էի Միացեալ Նահանգներ, որպէսզի բանակցութիւններ վարեմ հնարաւոր ներդրողին հետ: Ամերիկեան ներդրողը արդէն իսկ պաշտօնական առաջարկ պատրաստած է եւ ուղարկած` կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան: Ներդրողը պատրաստ է մինչեւ 300 միլիոն տոլար ներդրում կատարելու Հայաստանի մէջ ՈՒԵՖԱ-ի 4-րդ կարգի մարզադաշտ կառուցելու համար: Մարզադաշտը պիտի ունենայ մօտաւորապէս 35-40 հազար նստատեղեր եւ միջազգային բարձր չափանիշներ», ըսաւ Լոռեցեան:
Ան շեշտեց, որ մարզադաշտը պիտի կառուցուի Երեւանի տարածքին, որովհետեւ Երեւանէն դուրս կարելի չէ ընդունիլ միջազգային ամենաբարձր մակարդակի հանդիպումներ, ինչպիսիք են եւրոպական եզրափակիչները կամ Եւրոպայի ախոյեանութեան խաղերը:
Սփիւռքէն Երիտասարդներ, Ազգային Պարի Ուսուցիչներ Եւ Երգչախումբերու Ղեկավարներ Կը Վերապատրաստուին
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի ծիրին մէջ, 21 յուլիսին տեղի ունեցաւ «Սփիւռքի երիտասարդ առաջնորդներու» եւ «Սփիւռքի ազգային պարի ուսուցիչներու եւ երգչախումբերու ղեկավարներու» վերապատրաստման դասընթացքներու բացման արարողութիւնը:
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի ողջոյնի խօսքը արտասանեց յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավարի տեղակալ Երեմ Սիմոնեանը:
«Ձեր կատարած աշխատանքին յաջողութենէն կախեալ է օտար երկիրներու մէջ ապրող հայ մարդուն, մանաւանդ երիտասարդներուն մէջ ազգային ինքնագիտակցութեան, նկարագիրի եւ մշակոյթի պահպանումը եւ ամրապնդումը, տեղւոյն համայնքներու կեանքին մէջ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով հայերու ընդգրկումը, համահայկական ներուժի եւ միասնական ազգային օրակարգի ձեւաւորումը», նշուած էր Զարեհ Սինանեանի խօսքին մէջ: Գլխաւոր յանձնակատարը կարեւոր համարած էր նաեւ այն հանգամանքը, որ յառաջիկայ օրերուն մասնակցողները կարելիութիւնը պիտի ունենան գտնուելու բոլորովին հայախօս միջավայրի մէջ` զրուցելու հայերէն, ծանօթանալու եւ հաղորդակից ըլլալու Հայաստանի հասարակական եւ մշակութային իրողութիւններուն:
Սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացքին կը մասնակցին 24 երիտասարդներ` Իրանէն, Ֆրանսայէն, Վրաստանէն, Ուքրանիայէն եւ Ռուսիայէն, իսկ ազգային պարի ուսուցիչներու եւ երգչախումբերու խմբավարներու դասընթացքին` 20 սփիւռքահայեր` Իրաքէն, Իրանէն, Յունաստանէն, Գերմանիայէն, Ռուսիայէն եւ Վրաստանէն:
Վերապատրաստման դասընթացքներու գործընկերներն են` Երեւանի պետական համալսարանը, Պետական կառավարման ակադեմիան եւ «Ուըրլտ վիժըն» կազմակերպութիւնը: