Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին կազմակերպած` Ասիոյ «Մաութըն-Պայք»-ի 25-րդ ախոյեանութիւնը նախորդ շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին երբ կատարուեցան յայտագիրին վրայ գտնուող վերջին մրցումները:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի, հսկողութեամբ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ «Սքոթ» ընկերութեան:
Ուարտէի հրապարակին վրայ (Քֆարզեպիան, Քեսրուան) վերջին օրուան յայտագիրին մրցումը ընթացաւ բաւական սուր պայքարի մթնոլորտի մը մէջ, նկատի ունենալով, որ մարզիկները կը փորձէին ամէն գնով Թոքիօ-2020-ի ողիմպիականի խաղերուն տոմս մը ապահովել:
Չինացի Հաօ Մա յաջողեցաւ ապահովել Թոքիոյի իր տոմսը` 14 երկվայրկեանի առաւելութեամբ գերազանցելով ճափոնցի իր մրցակիցը` Քոհի Եամամոթոն:
Անկէ առաջ չինացի մը` Եան Եա Ուաօ իր կարգին ապահոված էր իր տոմսը` աղջկանց մրցումներուն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի, Քֆարզեպիանի քաղաքապետ Պասսամ Սալամէի, Լիբանանի մէջ գտնուող «Սքոթ» ընկերութեան ներկայացուցիչ Իսամ Մուպաաքի, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանի եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներու, ինչպէս նաեւ` մեծ թիւով հանդիսատեսներու: