Այս օրերուն, ֆութպոլի աշխարհին մէջ կը լսուին 25 տարի առաջուան անուններ, որովհետեւ այդ օրերու աստղերէն ոմանց տղաները սկսած են խաղին մէջ մտնել:
Քանի մը հռչակաւոր անուններ.
Տանիէլ Մալտինի, 17 Տարեկան, Ա. Սէ. Միլան
Տանիէլ Մալտինի դարձաւ մրցումի մասնակցած Ա. Սէ. Միլանի ամէնէն կրտսեր մարզիկը, որ իր առաջին խաղը խաղաց Ախոյեաններու միջազգային բաժակի բարեկամական մրցաշարքին, Պայերն Միւնիխի դէմ:
Հայրը` Փաոլօ Մալտինի. Ա. Սէ. Միլանի առասպելներէն եւ «մէկ ակումբի մարդ», որ 902 մրցումի մասնակցած է, ներառեալ` 617 անգամ Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
Հետաքրքրական է, որ Տանիէլի տարազը կը կրէ անոր հօրը թիւը` 3:
Ճասթին Քլիւվերթ, 20 Տարեկան, Ռոմա
Հայրը` Փաթրիք Քլիւվերթ. Անդամ եղած է Այաքս, Ա. Սէ. Միլան եւ Պարսելոնա ակումբներուն` նշանակելով 205 կոլ: Հոլանտայի ազգային խումբին տարազով 79 մրցումներու ընթացքին նշանակած է 40 կոլ:
Ճասթին Քլիւվերթի ասպարէզը մինչեւ հիմա. Ան հօրը նման սկսած է Այաքսէն, եւ իր առաջին կոլը նշանակած է 10 տարեկանին, հօրը ասպարէզի վերջին կոլէն ետք: Հօրը նման ան անցաւ Իտալիա` ստորագրելէ ետք Ա. Էս. Ռոմայի տոմարներուն վրայ:
Թիմոթի Ուէեա, 19 Տարեկան, Լիլ
Թիմոթի Ուէեա յունիսին 5 տարուան պայմանագիր ստորագրեց Լիլի հետ` դժուար ժամանակներ անցընելէ ետք Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ:
Հայրը հռչակաւոր եղած է` դառնալով Պալոն Տ՛Օրը նուաճող առաջին ափրիկեցին: Ան այժմ Լիպերիոյ նախագահն է: Ճորճ Ուէեա ֆութպոլի հռչակաւոր աստղ եղաւ Ա. Սէ. Միլանին մէջ, նուաճելով Իտալիոյ երկու ախոյեանութիւններ, Պալոն Տ՛Օրը եւ նշանակելով նշանաւոր կոլը, որուն ընթացքին ան վազեց դաշտին ամբողջ երկայնքին` անցնելով Վերոնայի 6 մարզիկներէ:
Լուքա Զիտան, 21, Ռասինկ Սանթանտեր (Վարձակալութեամբ)
Հայրը հռչակաւոր է. Բոլոր ժամանակներու ամէնէն լաւ ֆութպոլիստներէն մէկը նկատուող Զինետտին Զիտան, ֆութպոլի մէջ գրեթէ ամէն բան նուաճած է ե՛ւ իբրեւ մարզիկ, եւ իբրեւ մարզիչ: Իսկ գլուխով մրցակիցի մը կուրծքին հարուածելը չի մոռցուիր:
Լուքա Զիտան իր ասպարէզը սկսած է Ռէալ Մատրիտի շարքերուն մէջ, անցնելով փոխարինողներու խումբը, ապա առաջին խումբ, իր հօրը մարզիչութեան օրերուն: Ան սակայն միւսներուն նման հօրը քայլերուն չէ հետեւած եւ միջնապահ ըլլալու փոխարէն բերդապահ եղած է: