Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտարարեց, թէ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը տնտեսական հսկայական առիթ մըն է կատարելու այն բաները, որոնք տասնամեակներէ ի վեր արգիլուած էին:
Ճոնսըն Մանչեսթըրի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ խոստացաւ «Պրեքզիթ»-ին «այո» քուէարկած շրջանին մէջ նոր ներդրումներ կատարել, ինչպէս նաեւ խոստացաւ «Պրեքզիթ»-ին յաջորդող փուլին շուրջ առեւտրական համաձայնութիւններու կնքումը արագացնել, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան աջակցելու համար ազատ նաւահանգիստներ կառուցել:
Բրիտանիոյ նոր վարչապետը նաեւ խոստացաւ տեղական իշխանութիւններուն յաւելեալ լիազօրութիւններ տալ եւ ամրապնդել հաղորդակցութեանց ու փոխադրութեան ենթակառոյցները: