Ամերիկեան հետախուզական օդանաւերը դարձեալ մուտք գործած են Վենեզուելայի օդային տարածք: Այս մասին կը հաղորդէ Վենեզուելայի զինեալ ուժերու հրամանատարութեան «Թուիթըր»-ի էջը:
«Այսօր Միացեալ Նահանգներու լրտեսական օդանաւերը դարձեալ մուտք գործած են Վենեզուելայի կողմէ վերահսկուող գօտի` խախտելով թռիչքներու անվտանգութիւնն ու միջազգային համաձայնագիրները: Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն բացայայտօրէն անարգել մեր պետութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ 19 յուլիսին վենեզուելացի զինուորականները Քարաքասէն ոչ հեռու գտնուող Մայքեթիայի ուղղութեամբ Քարայիպեան ծովու հիւսիս-արեւմուտքէն թռչող օդանաւ յայտնաբերած էին:
Փենթակոն միեւնոյն ժամանակ յայտարարած էր, թէ Վենեզուելայի օդուժի «Սու-30» հալածիչը «յարձակողական կերպով հետապնդած է» ամերիկեան հետախուզական «Ի.Փի.-3» օդանաւը եւ «վտանգի ենթարկած թէ՛ օդանաւը, թէ՛ ալ անձնակազմը»:
Վենեզուելայի պաշտպանութեան նախարարութենէն նախապէս նշած էին, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Վենեզուելայի օդային տարածքի շարունակական խախտման դէպքերը կրնան իբրեւ արտաքին լուրջ սպառնալիք նկատուիլ: