Ֆրանսան մտադիր չէ ջնջել ճարտարագիտական ոլորտի հսկաներու դէմ հաստատուած տուրքը` հակառակ Միացեալ Նահանգներու սպառնալիքներուն: Այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է Ֆրանսայի ելեւմուտքի նախարար Պրիւնօ Լը Մեր:
Ան ըսած է, թէ Ֆրանսան տուրքերը պիտի գործադրէ ամէն պարագայի, որովհետեւ թուային գործունէութեան ընդհանուր հարկումը այնպիսի խնդիր է, որ բոլորին կը վերաբերի:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ իր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփ համաձայնած էին, որ օգոստոսին ֆրանսական Պիարից քաղաքին մէջ գումարուելիք «Եօթներու խմբակ»-ի ժողովը լաւ հարթակ պիտի հանդիսանայ թուային ընկերութիւններու հարկման ընդհանուր ծրագիր ներմուծելու համար:
Ֆրանսայի խորհրդարանը 11 յուլիսին որդեգրած է օրէնքի նախագիծ մը, որով կը նախատեսուի ճարտարագիտական ոլորտի ընկերութիւններուն նկատմամբ յատուկ թուային ծառայութիւններէն տարեկան ընդհանուր եկամուտի 3 առ հարիւրի չափով թուային ծառայութիւններու հարկ հաստատել: Լրատուամիջոցներու տուեալներով` խօսքը կրնայ վերաբերիլ այնպիսի մեծ ընկերութիւններու, ինչպիսիք են` «Ամազոն»-ը, «Ափըլ»-ը, Դիմատետրը եւ «Կուկըլ»-ը:
Հարկը պէտք չէ արտօնէ, որ անդրազգային ընկերութիւնները Եւրոպական Միութեան` ցած հարկային մակարդակ ունեցող երկիրներուն մէջ տեղակայուելու միջոցով խուսափին հարկերու վճարումէն: Ներկայիս «Կուկըլ», «Ամազոն», Դիմատետր, «Ափըլ», «Էրպիէնպի», «Ուպըր» եւ նոյնպիսի այլ ընկերութիւններ Ֆրանսայի նման երկիրներու մէջ շատ քիչ հարկ կը վճարեն:
Նշենք, որ Թրամփ շաբաթ օր սպառնացած էր բարձրացնել Ֆրանսայէն ներածուող գինիի մաքսատուրքերը` ի պատասխան այդ երկրին կողմէ ամերիկեան ճարտարագիտական ընկերութիւններու դէմ սահմանուած հարկին:
Ան յայտարարած էր, որ եթէ որեւէ երկիր պէտք է տուրքեր սահմանէ այդ ընկերութիւններուն նկատմամբ, ատիկա անոնց հայրենիքը` Միացեալ Նահանգներն են: