Պաղեստինեան Համաս շարժումի ղեկավարներէն Սամի Ապու Զահրի, անդրադառնալով Մալեզիոյ վարչապետ Մահաթիր Մոհամետի Թուրքիա քառօրեայ պաշտօնական այցելութեան, յայտնեց, որ «շարժումը կ՛ողջունէ թուրք-մալեզիական վեհաժողովը»` ընդգծելով «ի նպաստ Պաղեստինեան դատին Թուրքիոյ եւ Մալեզիոյ միջեւ գոյացած փոխադարձ հասկացողութիւններու կարեւորութիւնը»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հինգշաբթի օր Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած էր Մալեզիոյ վարչապետին հետ եւ անոր հետ քննարկած երկկողմանի ու շրջանային հարցեր:
Հանդիպումի աւարտին Էրտողան ըսած էր. «Մենք մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայենք Մալեզիոյ, որովհետեւ հասարակաց կեցուածքներ ունինք շարք մը հարցերու նկատմամբ, որոնցմէ կարեւորագոյնն են Պաղեստինեան դատն ու Միանմարի մէջ իսլամ ռոհինճաներու տառապանքը: Այդ տագնապներուն լուծում գտնելու համար պիտի ամրապնդենք Մալեզիոյ հետ մեր գործակցութիւնը»: