Նոյեմբերին տեղի կ՛ունենայ Պէյրութի միջազգային մարաթոնը` յաջորդաբար 17-րդ տարին ըլլալով:
Պէյրութի մարաթոնի միութիւնը, գլխաւորութեամբ հիմնադիր Մայ Խալիլի, որոշեց 2019-ի այս մարաթոնին անունը կոչել «Սաուա Մընըրքոտ Լալըպնեն»:
Այս մարաթոնին գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելու նպատակով, Պէյրութի մարաթոնի միութիւնը երեքշաբթի, 6 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ (Վերտան) պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` ներկայութեամբ յատուկ հրաւիրեալներու: