Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին` Քուալալամփուրի մէջ (Մալեզիա) տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը:
Լիբանանի ազգային խումբը, որ մաս կազմեց Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Քաթարը, Օմանը եւ Սէուտական Արաբիան:
Զտումի այս մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը ապահովող խումբերը:
Մասնակցութեամբ 31 խումբերու, զտումի մրցումներ տեղի պիտի ունենան ասիական չորս ցամաքամասերու մէջ: