Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնական աղբիւր մը դատապարտեց շարունակութիւնը Սուրիոյ մէջ ամերիկեան «քանդիչ միջամտութեան, որուն նպատակը տագնապը երկարաձգելն ու բարդացնելն է, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը ոտնահարելը»:
Աղբիւրը նշեց. «Սուրիան կը վերահաստատէ իր կտրուկ մերժումը թուրք-ամերիկեան որեւէ ձեւի փոխհասկացողութեան, որ Սուրիոյ գերիշխանութեան, հողի եւ ժողովուրդի միութեան դէմ բացայայտ ոտնձգութիւն մը, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի ուխտի սկզբունքներուն բացայայտ ոտնահարում է»: