Ուրբաթ, 26 յուլիս 2019-ին, վեհափառ հայրապետին այցելեց տիւրզի համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Այցելութեան նպատակն էր տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի անունով` վեհափառը հրաւիրել երեքշաբթի օր տեղի ունենալիք իսլամ եւ քրիստոնեայ ժողովին:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետին ողջոյնները փոխանցելով` պատուիրակութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան գծով վեհափառ հայրապետին տարած աշխատանքներուն համար, թէ՛ Լիբանանի մէջ եւ թէ՛ միջինարեւելեան ու միջազգային մակարդակներու վրայ: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին ըսաւ, թէ փոքր երկագունդին վրայ ազգեր, կրօններ, մշակոյթներ ու երկիրներ, պահելով հանդերձ իրենց ինքնուրոյնութիւնը եւ անկախութիւնը, անհրաժեշտ է, որ իրարու հետ գործակցին փոխադարձ յարգանքի ու հասկացողութեան մթնոլորտին մէջ:
Տիւրզի պատուիրակութիւնը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին Շուֆի մէջ հաստատուած Ազունիէի հայ Ազգային բուժարանին կատարած մարդասիրական ծառայութեան համար` առանց կրօնական ու համայնքային խտրականութեան: