Իր գումարած շաբաթական ժողովին ընթացքին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, քննարկելէ ետք իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը, վաւերացուց ցարդ տեղի ունեցած` Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքին արդիւնքները:
Ցարդ արձանագրուած արդիւնքները հետեւեալներն են. Անսար – Նըժմէ` 3-1, Ահտ Շապապ Ղազիէ` 2-2, Սաֆա – Թրիփոլի` 2-2 եւ Թատամոն Սուր – Սալամ Զղարթա` 3-3:
Ֆետերասիոնը, գործադրելով իր ներքին կանոնագիրին 1-22 յօդուածը, Նըժմէի դէմ մէկուկէս միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանք մը սահմանեց, իսկ Անսարի դէմ` հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի:
Վերոնշեալներէն բացի, տուգանքի այլ սահմանումներ կամ կախակայումներ տեղի չունեցան: