Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը, գործակցութեամբ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, 26-28 յուլիսին Քֆարզեպիանի շրջանին մէջ (Քեսրուան) կը հիւրընկալէ Ասիոյ «Մաութըն-Պայք»-ի 25-րդ ախոյեանութիւնը:
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի հովանաւորութեամբ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան կը մասնակցին 17 երկիրներ:
Ախոյեանութեան պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 25 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, «Մոնթէ Պելլօ» պանդոկին մէջ (Աժալթուն)` ներկայութեամբ յատուկ հրաւիրեալներու: